ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ»․- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի մէջ ընդունեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը, որ Մոսկուա ժամանած էր նախապէս չյայտարարուած այցելութեամբ:
Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը Երեքշաբթի օր տեղեկացուց, որ Փութին շնորհաւորեց Ասատին՝ նախագահ վերընտրուելուն առիթով՝ աւելցնելով, որ Սուրիոյ հիմնական հարցը օտար զինուած ուժերու անօրինական ներկայութիւնն է, առանց անուններ տալու, սակայն շատ հաւանաբար ակնարկելով Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ բանակներուն։
Միւս կողմէ, Սուրիոյ հարցերու ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Կիր Փեթերսոն Դամասկոսի հետ իր բանակցութիւնները որակեց «չափազանց լաւ»` յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ սահմանադրութեան հարցերու յանձնախումբի ժողովները կը վերսկսին: «Քննարկեցինք Սուրիոյ մէջ տնտեսական մարդասիրական մարտահրաւէրները եւ ապրուստի վերաբերող մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ այն ջանքերը, զորս կրնանք թափել այդ կացութեան բարելաւման օժանդակելու համար», աւելցուց Փեթերսոն:
Նշենք, որ Երկուշաբթի օր հաղորդուած էր, որ Սուրիոյ Իտլիպի շրջանին մէջ թուրք զինուորներու եւ թրքամէտ զինեալներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին սպաննուեցան երեք թուրք զինուորներ: