ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ուրբաթ, 18 Մայիսին ընդունեց Ասիական զարգացման դրամատան տարածաշրջանային տնօրէն Շէյն Ռոզընթալը:
Հանդիպման ընթացքին վարչապետը իր գնահատանքը յայտնեց Ասիական զարգացման դրամատան Հայաստանի ենթակառուցուածքներու եւ պետական կառավարման համակարգի զարգացման գործին ներգրաւուածութեան համար:
«Յոյս ունենք, որ մեր յետագայ համագործակցութեան ընթացքում կը կարողանանք համատեղ ջանքերով բարձրացնել նաեւ հանրային վստահութեան մակարդակը վարկերի ծախսման արդիւնաւէտութեան վերաբերեալ: Գիտեմ, որ Ասիական զարգացման բանկը թափանցիկ գործելակերպի կողմնակից է, հետեւաբար, սա նշանակում է, որ մեր յետագայ համագործակցութեան համար խոչընդոտներ չկան», յայտնեց կառավարութեան ղեկավարը՝ կարեւոր նկատելով իրականացուող ծրագիրներու արդիւնաւէտութեան բարձրացումը:
Փաշինեան շեշտեց, որ կառավարութիւնը հաւատարիմ պիտի մնայ այն միջազգային պարտաւորութիւններուն, զորս ստանձնած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Վարչապետը յոյս յայտնեց, որ երկրին մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական գործընթացները կ՛ոգեւորեն նաեւ միջազգային գործընկերները՝ աջակցութիւն ցուցաբերելու ժողովրդավարութեան ամրապնդման, կաշառակերութեան դէմ պայքարին եւ այլ հիմնահարցերու լուծման աշխատանքին:
Շէյն Ռոզընթալ նշեց, որ Ասիական զարգացման դրամատունը պիտի շարունակէ օժանդակել Հայաստանի զարգացման: Դրամատան տարածաշրջանային տնօրէնը վարչապետին ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան հետ համագործակցութեամբ իրականացող ծրագիրներու ընթացքը՝ ենթակառուցուածքներու զարգացման, կառավարման համակարգի բարելաւման, առողջապահութեան, կրթութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցման ընթացքին, մենաշնորհներու դէմ պայքարին, կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն եւ այլ հարցերու: