Տիգրան Աբրահամեան, Գանատա, 27 Յունուար 2020
Յունուարի 18-ին, Պէյրութի մէջ մեզմէ անվերադարձ հեռացաւ մեր սիրելի ընկերը՝ Սերոբ Աբոյեանը: Այս ցաւալի կորուստին համար, խորազգած ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ անոր ընտանեկան պարագաներուն եւ Պապուճեան ու Փանոսեան գերդաստաններու անդամներուն: Նմանապէս կը բաժնեմ վիշտը Սերոբի յայտնի ու անյայտ ընկերներուն եւ գործակիցներուն:
Սերոբ Աբոյեան-Պապուճեանը (1941-2020) այն երիտասարդ համալսարանական մտաւորականներէն էր, որոնք 1963-էն սկսեալ, լուռ ու մունջ մշակեցին ու գործադրեցին Մեծ Եղեռնի յիսնամեակը համահայկականօրէն դիմաւորելու եւ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները ոգեկոչելու ծրագիրը: Անոնք անտեսեցին իրենց վերաբերմունքը հայկական կուսակցութիւններուն նկատմամբ, նաեւ իրենց կուսակցական պատկանելիութիւնները՝ ի շահ միասնականութեան եւ ի հանգիստ մեր ազգի նահատակներու հոգիներուն:
Այդ օրերուն ձեւաւորուեցան պահանջատիրութեան վերաբերեալ երբեմն յախուռն ու հակոտնեայ տեսութիւններն ու միջոցներու ընտրութիւնները: Իրենց անձնական հեղինակութեան, միութենական ու կուսակցական կապերու եւ համախոհ երէց մտաւորականներու աջակցութեան շնորհիւ, այդ երիտասարդները կողմնորոշիչ ներդրում ունեցան ազգային ու հասարակական այլազան շրջանակներու մէջ:
Ենթահողը մշակուած էր, եւ յիսնամեակին նախորդող ամիսներուն՝ միջյարանուանական ու միջկուսակցական երկխօսութիւնները ընթացք առին:
Միշտ պիտի յիշենք Սերոբն ու իր ընկերները, որոնք կերտեցին 50 տարի անկարելի թուացող հրաշքը՝ հայկական միասնականութիւնը՝ գոնէ Սփիւռքի մէջ: Յաւե՜րժ յարգանք Սերոբ Աբոյեանի յիշատակին:
Օտար երկրի հողը թեթեւ ըլլայ վրադ, մեր սիրելի՛ եւ թանկագի՛ն ընկեր Սերոբ: