Շաբաթ, 5 Մայիս 2018-ին, Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ծոցի խնամակալ մարմինը, գումարեց իր կիսամեայ հերթականժողովը, որուն անդամ է եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեաեանը: Ժողովին ներկայ էին՝
Պատուելի Էմանուէլ Բենիամին Ղարիպ՝ Պատուոյ նախագահ
Պատուելի Տոկլաս Լիոնարտ՝ Նախագահ
Պրն. Ճորճի Ալեքսանտր՝ Գանձապահ
Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեաեան՝ Խորհրդական
Միքայէլ Քհնյ. Քարտօզ՝ Խորհրդական
Տիկ. Մահա Սալման՝ Խորհրդական
Պրն. Քուրիէն Վարկիզ՝ Խորհրդական
եւ Տոքթոր Հրայր Ճէպէճեան՝ Ընդհանուր Քարտուղար
Հիւրաբար ներկայ էր Վատիկանի դեսպան (Քուէյթի, Պահրէյնի, Քաթարի, Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Եէմէնի)՝ Բարձրաշնորհ Մօնթէսիլլօ Արք. Բատիլլան:
Ժողովը կը վարէր Ընդհանուր Քարտուղար՝ Տք. Հրայր Ճէպէճեանը, որուն ընթացքին անդրադարձ եղաւ շրջանի (Պահրէյն, Քուէյթ, Օման, Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Քաթար) Աստուածաշունչի Ընկերութեան գրասենեակներու, գրախանութներու եւ անձնակազմի տարած աշխատանքներու տարողութեան: Պատրաստուած նոր ձեռնարկներու եւ տպագրուած նոր գիրքերու եւ գրքոյկներու արժեւորումը, որոնցմէ մեծ մասը ձրիօրէն կը բաժնուի յատկապէս ասիական ժողովուրդներու կարիքաւոր անհատներու եւ ընտանիքներու՝ իրենց մայրենի լեզուով:
Ժողովը ներկայացուած բարոյական եւ նիւթական տեղեկագիրները քննելէ ետք, արժեւորեց իրականացուած ծրագիրները եւ կատարեց յանձնարարութիւններ յառաջիկայ շրջանի աշխատանքներուն համար:
Յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի 3 Նոյեմբեր 2018-ին: