Գանատահայ ականաւոր բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան պատրաստած է հրեաներու Ողջակիզման նուիրուած ժապաւէն մը, որ պիտի մասնակցի այս տարի Վենետիկի շարժապատկերի փառատօնին։
Ժապաւէնը, որուն խորագիրն է «Յիշեցէք», պիտի մրցի շուրջ 20 ժապաւէններու հետ, որոնք ներկայացուած են Վենետիկի Միջազգային շարժապատկերի փառատօնին։ Այս փառատօնը 72րդն է եւ պիտի կայանայ 2-12 Սեպտեմբեր։ Փառատօնին պիտի ներկայացուին 55 ժապաւէններ։
Էկոյեանի ժապաւէնի գլխաւոր դերակատարն է Քրիստոֆըր Փլամըր, որ ողջակիզումէ փրկուած է, ալզհայմըր հիւանդութեան բռնուած անձ մըն է։ Այս անձը ստուգած է իր ընտանիքի անդամները սպաննող նացիներուն անունները եւ ստանձնած է զանոնք սպաննելու պարտականութիւնը։
Սակայն ալզհայմըր հիւանդութեան պատճառած յիշողութեան կորուստին հետեւանքով, ամէն անգամ ան կը մոռնայ, թէ ինչո՞ւ սպաննել կ՛ուզէ այդ մարդիկը։