ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Մարտ 12-17ին, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը լայնածաւալ ռազմափորձեր կը կատարեն՝ ատրպէյճանական բանակի տարբեր ստորաբաժանումներու եւ միաւորներու մասնակցութեամբ. այս մասին կը հաղորդէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Ռազմափորձերուն մէջ պիտի ներգրաւուին մինչեւ 25,000 զինուորներ, մօտաւորապէս 250 հրասայլ եւ այլ զրահապատ սպառազինութիւն, տարբեր տրամաչափի շուրջ 1000 հրթիռային կայաններ, բազմափող հրթիռային համակարգեր ու մօտաւորապէս 50 ռազմական ուղղաթիռներ եւ օդանաւեր:
Ռազմափորձերու ընթացքին զօրքերը պիտի կատարեն հակառակորդի յարձակումի կասեցման, ինչպէս նաեւ լայնածաւալ հակայարձակողական գործողութեան շղթայազերծման եւ պաշտպանական գիծի վերականգնման փորձեր՝ վերջերս ձեռք բերուած սպառազինութեան նոր տեսականիի կիրարկումով: