ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ Պուրսա քաղաքի Ուլուտաղի համալսարանին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դրօշակներուն շուրջ վէճի մը պատճառով մեծ աղմուկ յառաջացած է:
Արդարեւ, Ուլուտաղի ատրպէյճանցի ուսանողները յայտարարած են, թէ Դեկտեմբեր 5ին նկատած են, որ Ատրպէյճանի դրօշակը կը բացակայի համալսարանին առջեւէն: Համալսարանի պատասխանատուներ անոնց պարզաբանած են, թէ դրօշակները կը նորոգուին, եւ մէկ շաբաթ անց՝ նոր դրօշակ պիտի տեղադրուի:
Մէկ շաբաթ անց՝ ատրպէյճանցի ուսանողները նկատած են, թէ տակաւին դրօշակ չկայ, ուստի համալսարանի ղեկավարութեան յայտնած են, որ կ՛ուզեն իրենց ուժերով բարձրացնել Ատրպէյճանի դրօշակը։
Սակայն, դրօշակներու հարցերով պատասխանատու եւ իսլամական պատմութեան դասախօս Սալիհ Փայ նշեալ ուսանողներուն ըսած է, թէ համալսարանէն անհետացած է նաեւ Հայաստանի դրօշակը, եւ թէ այս գծով կասկածը նոյնինքն ատրպէյճանցի ուսանողներուն վրայ կ՛երթայ, ուստի եթէ անոնք վերադարձնեն Հայաստանի դրօշակը՝ պիտի կախուի նաեւ Ատրպէյճանի դրօշակը:
Ատրպէյճանցիները յաջորդ օրն իսկ որոշած են համալսարանին առջեւը բարձրացնել իրենց երկրին դրօշակը, սակայն անոնց դէմ կեցած են մեծ թիւով ոստիկաններ, ապա ատրպէյճանցի ուսանողները ստիպուած համալսարանէն դուրս բողոք կատարած են:
Այս հարցը մեծ արձագանգ գտած է միայն ատրպէյճանական մամուլին մէջ: