ՊԱՔՈՒ, «Սփութնիք Ազրպէյճան».- Ատրպէյճան յայտարարեց մեկնարկին մասին հայ գերիներու նկատմամբ յաւելեալ երեք դատական գործերու, որոնք պիտի սկսին Յուլիսի կէսերուն:
Ըստ հրապարակուած տեղեկութեան՝ 15 Յուլիսին պիտի սկսի 9 յաջորդ օրը՝ 12 այլ հայ պատերազմի գերիներու դատավարութիւնը:
Ինչպէս նախորդ դատական գործերու պարագային, այս գործերով եւս հայ պատերազմի գերիներուն դէմ շինծու մեղադրանք առաջադրուած է՝ «ահաբեկչութեան», «ապօրինի զէնք պահելու», «զինեալ կազմաւորումներ ստեղծելու» եւ «պետական սահմանի ապօրինի հատման» յօդուածներով:
14 Յուլիսին նշանակուած են Հայաստանի քաղաքացիներ Դաւիթ Դաւթեանի եւ Գէորգ Սուջեանի քրէական գործով սկսող դատավարութեան նախնական լսումները: Անոնց մեղադրանք առաջադրուած է «լրտեսութիւն» յօդուածով: