Դրամը կրնայ օժանդակել լուծելու որոշ խնդիրներ, սակայն` ոչ բոլորը: Երբեմն անիկա կրնայ ունենալ հակառակ ազդեցութիւն:
Ատրպէյճանը հրաշալի օրինակ է վիթխարի հարստութիւն դիզած երկրի մը, որ իր քարիւղի միլիառաւոր տոլարները կ’օգտագործէ օտար քաղաքական գործիչները եւ զանազան ասպարէզներու մարդիկ կաշառելու ` փորձելով բարելաւել իր վատ համբաւը ամբողջ աշխարհի մէջ: Խորքին մէջ «խաւիարի դիւանագիտութիւն» եզրը յատուկ յօրինուած է բնութագրելու համար այն «բարիքները», որոնք ատրպէյճանի պաշտօնատարները կանոնաւորապէս եւ առատաձեռնօրէն կը բաժնեն` հասնելու համար իրենց լիրբ նպատակներուն:
Օրինակ` Պաքուն հինգ միլիոն տոլար յատկացուց Մեքսիքօ քաղաքի զբօսայգին վերանորոգելու համար, միայն մէկ պայմանով, որ Հայտար Ալիեւի արձանը տեղադրուի այդ նշանաւոր վայրին մէջ: Սակայն, երբ մեքսիքացի գործիչները իմացան այս անվայել համաձայնութեան առկայութեան մասին, բռնակալին արձանը կազմաքանդուեցաւ եւ առանց ձեւականութիւններու շպրտուեցաւ պահեստանոց:
Ատրպէյճանի պաշտօնատարները հետզհետէ կը բացայայտեն, որ կարելի չէ բոլորը գնել, եւ այս աշխարհին վրայ տակաւին կան շատ պատուարժան մարդիկ, զորս կարելի չէ կաշառել։ Այդ մարդոցմէ մէկն ալ Փեթըր Սաւոտնիքն է` անբասիր ազնուութեան տէր անձնաւորութիւն մը «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթէն: Այս ամսուան սկիզբը ազրպէյճանցի միլիառատէր Իպրահիմ Իպրահիմովը ամերիկացի լրագրողը հրաւիրած էր Պաքու, որպէսզի «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մէջ գովասանքի խօսքեր գրեր իր շինարարական ընդարձակ ծրագիրին մասին:
Երբեք չտպաւորուելով նորահարուստ ազրպէյճանցի մեծահարուստին շռայլութիւններէն, Սաւոտնիք գրած էր կործանարար յօդուած մը` ծաղրելով Իպրահիմովին անհեթեթ պատրանքը: Ստորեւ` համառօտ հատուածներ թղթակիցին ծաւալուն յօդուածէն.
Իպրահիմովը կը նախատեսէ «խեցգետինի տեսք ունեցող լայնատարած շինութիւն մը կառուցել Կասպից ծովուն մէջ` «Khazar Islands» անունով, որ պիտի բաղկանայ արհեստական 55 կղզիներէ` հազարաւոր բնակարաններ, առնուազն ութ պանդոկ, «Ֆորմուլա 1»-ի վազքուղի, զբօսանաւերու ակումբ, օդակայան եւ աշխարհի բարձրագոյն «Ատրպէյճանի աշտարակ» շէնք, որուն բարձրութիւնը պիտի կազմէ 1050 մեթր: Երբ ամբողջ համալիրը կառուցուի … 800 հազար հոգի պիտի ապրի «Khazar Islands»-ի մէջ, այնտեղ նաեւ պիտի ըլլան պանդոկներու սենեակներ` միւս 200 հազարին համար … Անիկա պիտի արժէ մօտ 100 միլիառ տոլար»:
Սաւոտնիք կը յայտնէ, որ Պաքու հասնելէն մէկ օր առաջ Իպրահիմովին ներկայացուցիչը գացած էր Մոսկուա, որպէսզի անձամբ իրեն յանձնէ «Khazar Islands» նախագիծին մասին գիրք եւ տի.վի.տի.: Պաքուի մէջ լրագրողը ապշած էր մեծահարուստին շռայլ ապրելակերպէն. «Այնպէս բազմած էր սեւ «Ռոլս Ռոյս»-ի ետեւի նստարանին, կարծես անիկա կը սլանար կառուցուելիք կղզեխումբի թիւ մէկ կղզիին վրայէն: Անոր 23-ամեայ օգնական Նիկեար Հուսէյնլին նստած էր առջեւը, սեւ-սպիտակ ծաղկանախշերով կիսաշրջազգեստով, սեւ գուլպաներով եւ սեւ ուղղանկիւնաձեւ ակնոցով: Կը թուէր, որ ան անընդհատ անհասկնալիօրէն մտահոգուած էր: Ան օգտագործած էր չափէն շատ օծանելիք, որ, ինչպէս ինքը ըսաւ, բերուած էր Իտալիայէն: «Երբ պարոն Իպրահիմովը Ատրպէյճանի մէջ է»,- ըսաւ Հուսէյնլին,- ան միշտ կը վարէ իր սեւ «Ռոլս Ռոյս»-ը: Իսկ Տուպայի մէջ ան ունի ուրիշ կարմիր ինքնաշարժ մը»:
Ցուցադրելով կոկորդիլոսի կաշիէ «Սթեֆանօ Ռիչի» մակնիշի կապոյտ կօշիկները, որոնք կը համապատասխանէին անոր «Սթեֆանօ Ռիչի» կապոյտ ճինզին, «զիլլի» կապոյտ վերարկուին եւ «զիլլի» կապոյտ վերնաշապիկին»` Իպրահիմովը Սաւոտնիքին ըսած է, որ «Ատրպէյճանի աշտարակը» անկասկած պիտի յայտնուի «Կինես»ի մրցանիշներու գիրքին մէջ: Իպրահիմով ըսած է, որ եթէ Սէուտական Արաբիան կամ Արաբական Էմիրութիւնները, կամ ոեւէ մէկը, որեւէ այլ վայրի մէջ փորձէ աւելի մեծ շէնք կառուցել, ան ալ աւելի մեծը պիտի կառուցէ:
Սաւոտնիք կը գրէ, որ ազրպէյճանցի մեծահարուստը Իլհամ Ալիեւը բնութագրեց իբրեւ «շեֆերու շեֆ», «մեծ պաշտպան, աջակից եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդի փրկիչի որդի»: Երբ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին թղթակիցը Իպրահիմովին հարցուց «Ալիեւի վարչակարգի այլ յատկանիշներու` թափանցիկութեան, քաղաքացիական ազատութիւններու բացակայութեան եւ ընդդիմութեան գործիչներու կալանաւորման մասին», ան տուաւ բոլոր մեծահարուստներուն յատկանշական պատասխանը. «Ես քաղաքականութեան մասին ոչինչ գիտեմ»:
Ամերիկացի լրագրողը իր յօդուածին մէջ անարգանքի խօսքեր գրած էր ոչ միայն Իպրահիմովին, այլ նաեւ անոր երկրին մասին. Ատրպէյճանը «չի կառուցեր այն, ինչ ամբողջ աշխարհին պէտք է եւ չունի համաշխարհային ճանաչում ունեցող համալսարաններ: Սակայն ան ունի քարիւղ»: Իր երկրորդ յօդուածին մէջ Սաւոտնիք կ’եզրափակէ. «Բոլոր ապակիներու, պողպատի եւ նէոնային լոյսերու տակ, ան (Ատրպէյճանը) կը շարունակէ մնալ իբրեւ բռնատիրական երկիր»:
Առաջին անգամ չէ, որ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը կը հրապարակէ Ատրպէյճանը մերկացնող յօդուած: 27 հոկտեմբեր 2003-ին թերթը իր խմբագրականին մէջ գրած էր. «Գործարար, «փլէյպոյ» եւ նորելուկ քաղաքական գործիչ Իլհամ Ալիեւը գեղեցիկ նուէր ստացաւ իր հօրմէն` Ազրպէյճան երկիրը: Հայտար Ալիեւը մնայուն կերպով համարեայ 34 տարի ղեկավարած էր Ատրպէյճանը, սկիզբը իբրեւ Խորհրդային Միութեան Քաղաքական Բիւրոյի անդամ, այնուհետեւ իբրեւ բռնակալ: Երբ խիստ հիւանդութեան պատճառով ան այլեւս չէր կրնար շարունակել, ան օծեց իր որդին` իր փոխարէն նախագահի պաշտօնին առաջադրուելու համար: Իլհամ Ալիեւը օգտագործելով պետութեան բոլոր լիազօրութիւնները` ծաւալեց կեղծիքներով լի քարոզարշաւ, իսկ այնուհետեւ տօնեց իր յաղթանակը` ձերբակալելով ընդդիմութեան մեծ մասը:
«Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը եզրափակած էր իր շատ քննադատական խմբագրականը` յորդորելով Միացեալ Նահանգները «հեռաւորութիւն պահելու նախագահ Ալիեւէն եւ խուսափելու քարիւղային հարստութիւններու վրայ բազմած բռնակալներուն աջակցելու անյաջող պատմութեան կրկնութենէն»: Ցաւօք, այս նախազգուշացումը անուշադրութեան մատնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու իրար յաջորդող վարչակազմերուն կողմէ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Գալիֆորնիա Գուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«ԵՌԱԳՈՅՆ» կայքէջը