ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ռուսական RBK պատկերասփիւռի կայանը հրապարակեց լուսանկար մը, որուն մէջ յստակ կերպով կ՛երեւի, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ է Նոյեմբերին դաւադրաբար թշնամիին յանձնուած հայոց բերդաքաղաք Շուշին:
Աւելի կանուխ արդէն պարզ դարձած էր, որ թշնամին ոչնչացուցած է Շուշիի Կանաչ ժամ եկեղեցին, իսկ հրթիռակոծուած Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ սկսած են եկեղեցւոյ արտաքինի եւ հայկական նկարագիրի փոփոխութեան աշխատանքները:
Ռուսական պատկերասփիւռի կայանի լուսանկարին մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպիսի աւերածութիւններ կը կատարուին ատրպէյճանցիներուն բռնագրաւած Շուշի քաղաքին մէջ. թշնամին գետնին հաւասարեցուցած է եւ կը շարունակէ հաւասարեցնել քաղաքի բազմաբնակարան տուները: