ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 12 Մայիսի կէսօրին, Գորիսի համայնքապետարանի ներկայացուցիչները ահազանգեցին, որ Սիւնիքի մարզին մէջ, Սեւ լիճի տարածքէն ատրպէյճանցիները անցած են Հայաստանի պետական սահմանը, խորացած 3 քիլոմեթր դէպի Վերիշէն բնակավայրը։
Այս մասին տարբեր տեսակէտներ յայտնուեցան եւ կեցուածքներ դրսեւորուեցան։
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը արձագանգեց, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը փորձած են որոշ աշխատանք իրականացնել Սիւնիքի սահմանին վրայ:
Գորիսի փոխքաղաքապետ Իրինա Եոլեանի նշեց, որ նշեալ վայրին մէջ նաեւ զօրք կուտակուած է: «Այսօր առաւօտեան 3 կմ. թշնամին պետական սահմանից անցել է եւ հասել մինչեւ Վերիշէն բնակավայր: Եթէ GPS-ով, Սեւ լճի հատուածի մասին է խօսքը, 30 տոկոսը իրենց վերահսկողութեան տակ է, 70 տոկոսը` մեր վերահսկողութեան, հիմա իրենք անցել են անգամ Սեւ լիճը եւ եւս 3 կմ. մօտեցել դէպի Վերիշէն բնակավայրին ու բաւականին իրենց հետ բերել են մեծ թուով զօրք»:
Համացանցային տարբեր աղբիւրներ տեղեկութիւններ տարածեցին, թէ Իշխանասարի ուղղութեամբ մարտեր ընթացան: Սեւ լիճը Սիւնիքի ու Արցախի սահմանագլխուն` Իշխանասարի լանջին է:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց, թէ այդ ուղղութեամբ մարտեր կան եւ հաստատեց, որ ատրպէյճանական զինուժը, «սահմաններու ճշգրտման» հիմնաւորումով, փորձած է որոշ աշխատանքներ իրականացնել Սիւնիքի սահմանային հատուածներէն մէկուն մէջ: Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան` հայկական ստորաբաժանումներուն ձեռնարկած միջոցառումներէն ետք ատրպէյճանցի զինուորականները դադրեցուցած են այդ աշխատանքները, եւ սկսած են բանակցութիւններ:
Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը եւս հերքեց Սիւնիքի մարզին մէջ մարտերու վերաբերեալ զանգուածային լրատուութեան միջոցներով եւ ընկերային ցանցերով տարածուող տեղեկութիւնները։
Միւս կողմէ, Սիւնիքի մարզպետ Մելիքսէթ Պօղոսեան նշեց, որ այս մասին տեղեկութիւններ չունի՝ ենթադրելով, որ ատրպէյճանցիները ձիւնհալքէն ետք կրցած են հասնիլ այդ բարձրադիր գօտին, ուր փորձած են ամրանալ: Ան լաւատեսութիւն յայտնեց, որ «եթէ Հայաստանի պետական սահմանը խախտել են` ետ կը գնան: Ձիւնը, որ հալուել ա, ճանապարհները բացուել ա, հիմա իրանց բաց տեղեր ունեն, բերում են իրանց պոստերը դնեն, բայց մենք թոյլ չենք տայ մեր պետական սահմանը 1 մետր անցնեն, անհնարին բան ա դա», շեշտեց մարզպետը:
Ըստ Վերիշէնի համայնքապետ Արարատ Օրդեանի՝ ատրպէյճանցիները արդէն հասած են գիւղին սահմանը` բնակավայրէն 6 քիլոմեթրի վրայ, զօրքով: «Մերոնք էլ են բերել, նենց չի, որ մերոնք չեն բերել»:
Այս հարցը պաշտօնական մակարդակի վրայ եւս ունեցաւ իր անդրադարձը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեան այս առնչութեամբ հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ, որուն տեղեկացուց Հայաստանի պետական սահմանին տեղի ունեցած վերջին միջադէպին մասին եւ նշեց ատրպէյճանական կողմէ նման սադրանքներու հրահրման անթոյլատրելիութիւնը:
Երկուստեք կարեւոր նկատեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն ամբողջութեամբ իրագործումը եւ իրադրութեան սրումը կանխարգիլող քայլերու համադրումը:
Ռուսիոյ եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարներ Սերգէյ Շոյգու եւ Վաղարշակ Յարութիւնեան եւս հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին խօսեցան այս մասին։ Անոնք քննարկեցին իրավիճակը այն տարածքներուն մէջ, ուր առաջադրանքներ կը կատարեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբերը, ինչպէս նաեւ կողմերուն համար փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ նիւթեր: