ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ընկերային ցանցերուն վրայ տարածուած է տեսանիւթ մը, որ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու եւ յուշարձանները պղծելու քաղաքականութեան հերթական վառ ապացոյցն է:
Տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս ատրպէյճանցի զինուորը գնդացիրով կը կրակէ Հադրութ քաղաքի յուշահամալիրի խաչքարին ուղղութեամբ:
Տեսանիւթէն յստակ կը դառնայ, որ յուշարձանը պղծուած է. անիկա պատուած է ատրպէյճաներէն գրութիւններով: