ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 10 Դեկտեմբերի կէսօրին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն ձեռնարկած նախայարձակ գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք ծայր առած փոխհրաձգութեան պատճառով հայկական կողմը ունի զոհ մը` ժամկէտային շարքային Վահէ Վաղարշակի Մանասերեան (2002ի ծնուն) եւ 8 վիրաւորներ, որոնց 6ին վիճակը ծանր է։
Պաքու իր կարգին մեղադրեց հայկական կողմը` Քարվաճառի ուղղութեամբ ռմբակոծումներ կատարելու յանցանքով:
«Լրագիր»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Գեղամասար խոշորացուած համայնքի փոխղեկավար Վարդան Մարգարեան յայտնեց, որ Պաքուի զինուած ուժերը յարձակում կատարեցին Գեղարքունիքի մարզի Սոթք եւ Կութ համայնքներուն ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ հակառակորդին կողմէ վերջին երեք օրերուն յարձակման փորձեր կը կատարուին:
«Լարուածութիւն կայ, այն գիտենք, որ այսօր հերթափոխ պէտք է լինի, բայց ինչ-որ հատուած կայ, որն իրենց վերահսկողութեան տակ է, մեր աւտոմեքենան չի կարողանում անցնել, որ տղաները հերթափոխ անեն: Հէնց մեքենան մօտենում է, կրակում են», ըսաւ ան՝ աւելցնելով․
«Մարդկանց տրամադրութիւնները լաւ չէ, մէկը լարւում է, միւսն ասում է` եկէք գնանք ինչ-որ գործողութիւն էլ մենք անենք, մինչեւ երբ պէտք է այսպէս շարունակուի: Ես մի բան գիտեմ, որ այդ կարեւոր դիրքերը պէտք է մեր ձեռքին լինեն, որ այս վիճակի մէջ չընկնենք: Այդ բարձունքները պէտք է մեր ձեռքին լինէին, մենք պէտք է կամ չթողնէինք այդ բարձունքները, կամ պէտք է մտածենք, թէ ոնց անենք, որովհետեւ այսպէս չի կարող շարունակուել, մէկ օր չէ, հինգ օր չէ, մէկ ամիս չէ, միշտ այս վիճակն է»:
Միւս կողմէ, ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան, Հայաստան Ատրպէյճանին կոչ ուղղեց` զերծ մնալու սադրիչ հռետորաբանութիւններէ եւ գործողութիւններէ, չխոչընդոտելու շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերը: Նշուեցաւ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագօտիի ամբողջ երկայնքով Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ ձեռնարկուող զինուած սադրանքները կը կրեն ամէնօրեայ բնոյթ: Նախարարութիւնը դատապարտեց Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները եւ հաստատեց, որ անոնք կը կրեն ծրագրաւորուած բնոյթ եւ շրջանին մէջ իրադրութիւնը շարունակաբար սրելու նպատակ ունին: