ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճան դարձեալ սկսաւ խօսիլ Հայաստանի հետ «խաղաղութեան համաձայնագիր»ի ստորագրութեան եւ «Զանգեզուրի միջանցքի» առաւելութիւններուն մասին։
Արդարեւ, ԱՊՀ վարչապետներու խորհուրդի նիստին Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է կարգաւորելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները եւ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու մէջ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու հիման վրայ։
Ան պնդեց, որ Պաքու պատրաստ է նաեւ օր առաջ սկսելու սահմանազատման ու սահմանագծման աշխատանքներուն եւ կողմնակից է տարածաշրջանի ենթակառոյցներու ապաշրջափակման, որմէ, ըստ անոր, պիտի շահին ոչ միայն Ատրպէյճան եւ Հայաստան, այլ նաեւ՝ միւս երկիրները, ոչ միայն Հարաւային Կովկասի մէջ, այլ նաեւ՝ ընդհանուր առմամբ ԱՊՀ տարածքին մէջ։
Ասատով անգամ մը եւս հնչեցուց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի խօսքերը, թէ` ղարաբաղեան հարցը արդէն անցեալ է, եւ հիմա կողմերը պէտք է ապագային մասին մտածեն։
Ատրպէյճանցի պաշտօնակատարին այս յայտարարութեան հակադարձեց Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան`շեշտելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն չի կրնար լուծուիլ ուժի միջոցով եւ հակամարտութեան կարգաւորման կարելի է հասնիլ խաղաղ միջոցով` բացառապէս ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան միջազգային հովանիին տակ: «Եւ այս իմաստով տարածաշրջանում խաղաղ զարգացման փուլ դուրս գալու, իրավիճակը լիցքաթափելու համար անհրաժեշտ է, որ Ադրբեջանը կառուցողական դիրքորոշում որդեգրի եւ հրաժարուի ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) հռետորաբանութեան եւ թշնամական գործողութիւնների քաղաքականութիւնից», նշեց ան։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ դարձեալ խօսեցաւ «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին, Պոլսոյ մէջ թրքական երկիրներու համագործակցութեան ընդհանուր ժողովին։
Անդրադառնալով ղարաբաղեան վերջին պատերազմին՝ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, թէ «Ատրպէյճանի յաղթանակը կը նշանակէ շրջանային հաղորդակցութեան միջոցներու եւ ենթակառոյցներու զարգացում»` այդ ծիրին մէջ կարեւոր նկատելով «Զանգեզուրի միջանցքին բացումը»։ Ըստ անոր` ասիկա լայն կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ ամբողջ տարածաշրջանին համար: «Այդ միջանցքը շատ լաւ ներուժ ունի եւ պիտի միաւորէ թրքական աշխարհի բոլոր երկիրները՝ մեզ միացնելով Եւրոպային», ըսաւ Ալիեւ։