ՊԱՔՈՒ, «Armenia.az»․- Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած ռազմական համագործակցութեան համաձայնագիրի պայմաններուն համաձայն՝ Քաշաթաղի (Լաչին) շրջանին մէջ շաբաթասկիզբը սկսան միացեալ մարտավարական ռազմափորձեր, կը հաղորդէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Ռազմափորձերուն հիմնական նպատակը` մարտական գործողութիւններու ընթացքին գործակցութեան եւ մարտական համակարգման բարելաւումն է:
«Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի բարդ շրջաններու մէջ ժամանակակից ռազմական արհեստագիտութեան օգտագործման հմտութիւններու բարձրացման», կը նշէ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: