ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի ռազմական հաստատութիւններու շրջանաւարտներուն վկայագիրներու յանձնման արարողութենէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ատրպէյճան իր գործողութիւններով եւ հռետորաբանութեամբ կը խաթարէ խաղաղութեան մթնոլորտը, եւ հայկական կողմը համարժէք պիտի պատասխանէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Փանորամա»ն:
«Մենք կը կարծենք, որ, այո՛, խաղաղ ճանապարհով հարցի կարգաւորումը կարեւոր եւ հնարաւոր է, բայց մենք կ՛ըսենք նաեւ, որ անոր համար անհրաժեշտ է համապատասխան մթնոլորտ: Մենք համարժէք պիտի ըլլանք իրավիճակին: Եթէ Ատրպէյճան պիտի վերանայի իր մօտեցումին եւ պիտի նպաստէ խաղաղութեան մթնոլորտի հաստատման, մենք այդ իրավիճակին համարժէք պիտի ըլլանք: Եթէ այլ իրավիճակի ուղղութեամբ երթայ, մենք այդ ուղղութեամբ նոյնպէս պիտի ըլլանք համարժէք՝ անմիջական իրավիճակէն եւ մեր ազգային շահերէն բխող», շեշտեց Հայաստանի վարչապետը:
Անդրադառնալով Արցախեան հիմնահարցի կարգաւորման՝ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան շատ ճիշդ էր, երբ Ատրպէյճանի հասցէին կտրուկ յայտարարութիւններ կատարեց:
«Պաշտպանութեան նախարարի աշխատանքը միայն այդպիսի յայտարարութիւններ կատարելը չէ, այլ նաեւ այդ յայտարարութիւններու բովանդակութիւնը անհրաժեշտութեան պարագային ապահովելը: Այո՛, մենք կարեւոր կը համարենք Արցախի ներգրաւումը բանակցային ձեւաչափին մէջ: Ես ըսած եմ, որ կրնամ բանակցիլ Հայաստանի անունով, բայց չեմ կրնար բանակցիլ Արցախի Հանրապետութեան անունով, որովհետեւ Արցախը այդ բանին համար ունի ընտրուած պաշտօնեաներ եւ կառոյցներ: Ես ըսած եմ նաեւ, որ մենք պատրաստ ենք բանակցութիւններու եւ նուիրուած ենք հարցը խաղաղ ճանապարհով լուծելու ջանքերուն: Այստեղ երկու կարծիք չի կրնար ըլլալ», եզրակացուց վարչապետը:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան վերջերս յայտնած էր, որ Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական արկածախնդրութեան պարագային պիտի օգտագործեն Հայաստանի ամբողջ սպառազինութիւնը: