ԵՐԵՒԱՆ, «ՓամԱրմինիըն».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, արձագանգելով Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի այն յայտարարութեան, թէ անհրաժեշտութեան պարագային, Մինկեչաուրի ելեկտրակայանը կրնայ հայկական կողմին թիրախը հանդիսանալ՝ յայտարարած է. «Հայաստանի տարածքին մէջ կան թիրախներ, որոնց ոչնչացումէն ետք հոն հարիւրաւոր տարիներ կեանք գոյութիւն պիտի չունենայ», շատ հաւանաբար ակնարկելով Մեծամորի հիւլէակայանին։
Անշուշտ, այդ հիւլէակայանին վրայ որեւէ յարձակում վտանգ կը հանդիսանայ ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Թուրքիոյ, Իրանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի համար:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի. «Ատրպէյճանի զինանոցին մէջ կան աւերիչ ուժ ունեցող սպառազինութեան ամենաարդիական միջոցները, որոնք կրնան սեղմ ժամկէտի մէջ ոչնչացնել հակառակորդի բոլոր կարեւոր ռազմական դիրքերն ու հաղորդակցութեան գիծերը», ինչպէս նաեւ կը պնդուի, որ երկրին հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերը լիովին կ՛երաշխաւորեն երկրին ապահովութիւնը: