ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ խախտել զինադադարի պահպանման դրութիւնը Ասկերանի շրջանի Խրամորթ, Փառուխ եւ Խնապատ գիւղերու ուղղութիւններով` խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ օգտագործելով ականանետեր եւ մեծ տրամաչափի հրաձգային զէնքեր: Այս մասին յայտնեց Արցախի ներքին գործոց նախարարութիւնը:
«Ակնյայտ է, որ խաղաղ բնակչութեանը թիրախաւորելու եւ ականանետով գիւղերն արկակոծելու հերթական փորձերը նպատակաուղղուած են առաջնահերթօրէն խուճապ առաջացնելու հասարակութեան շրջանում», կը յայտնէ նախարարութիւնը։
Ասոր զուգահեռ, Մարտունիի շրջանի Թաղավարդ գիւղի յարակից ատրպէյճանական դիրքերէն բարձրախօսներով գիւղէն հեռանալու սպառնալիքներ կը հնչեն:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Վահան Յունանեան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան յառաջիկային կրնայ դիմել ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններու նախաձեռնելու հարցով։ Թղթակիցը դիտել տուաւ, որ Հայաստան բազմաթիւ անգամներ յայտարարեց Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու պատրաստակամութեան մասին, նման յայտարարութիւններ կատարեց նաեւ Ատրպէյճան, բայց այս ուղղութեամբ յստակ քայլերու կը ձեռնարկուի՞ն: «Պայմանագրի ստորագրմանը, բնականաբար, պէտք է նախորդի այդ թեմայով բանակցային գործընթացը, ու քանի որ փոխադարձ յայտարարութիւնները մինչեւ օրս կոնկրետ (յստակ) բանակցային գործընթացի չեն վերածուել, քանի որ երկու երկրները ուղիղ բանակցութիւնների հարուստ փորձ չունեն, Հայաստանն առաջիկայում թերեւս կը դիմի միջնորդներին (ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահութեան) Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններ նախաձեռնելու հարցով: Հարցը ներկայումս գտնւում է մշակման փուլում», դիտել տուաւ Յունանեան:
ԵԱՀԿի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները կը սգայ 7 Մարտի հայ զինուոր Հրաչ Մանասարեանի մահը՝ դիտել տալով, որ այդ ողբերգական մահը կ՛ընդգծէ զսպուածութեան, վիճելի սահմանամերձ տարածքներուն մէջ ուժերու` իրարմէ հեռու մնալու եւ դիւանագիտական աշխոյժ ներգրաւուածութեամբ բոլոր հարցերուն համար համապարփակ լուծումներ գտնելու անհրաժեշտութիւնը:
«Մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք՝ յառաջընթաց արձանագրելու մարդասիրական հարցերու մէջ, ինչպէս՝ մնացած բոլոր գերիներու ազատ արձակումը, տեղեկատուութեան փոխանակումը անհետ կորսուածներու ճակատագիրը բացայայտելու համար, մարդասիրական ականազերծումը, եւ մարդու իրաւունքներու ենթադրեալ ոտնահարումներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումներու հետաքննութեան ուղղութեամբ յառաջ ընթանալը: Միացեալ Նահանգները այս տարի 5 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն յատկացուց թէ՛ Հայաստանին եւ թէ Ատրպէյճանին՝ հակամարտութիւններէն տուժած բնակչութեան աջակցելու համար: Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ կը մնայ Հարաւային Կովկասի անվտանգ, կայուն, ժողովրդավարական, բարգաւաճ եւ խաղաղ ապագան խթանելուն», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան դիտել տուաւ, որ Արցախի մէջ կազի մատակարարման հարցը տակաւին կը մնայ չլուծուած՝ յառաջացնելով մարդասիրական բազմաթիւ հարցեր։ «Գազի մատակարարման խափանումն անհնար է դարձնում մարդկանց տարբեր իրաւունքների իրացումը: Մեծամասամբ դա ազդել է կրթական գործընթացի վրայ. երէկ արդէն յայտարարութիւն է տարածուել Արցախի ԿԳՄՍ նախարարութեան կողմից, որ դրանով պայմանաւորուած գարնանային արձակուրդներն աւելի շուտ կը յայտարարուեն: Այսինքն` արդէն իսկ երեւում է, որ երեխաների կրթութեան գործընթացը տուժելու է` գազի խնդրով պայմանաւորուած: Կայ որոշակի ազդեցութիւն արտադրութիւնների վրայ, հացի արտադրամասերի վրայ: Այսինքն` սովորական կենսական անհրաժեշտութեան ապահովման հարցերի վրայ գազի բացակայութիւնը մեծապէս ազդում է», շեշտեց Ստեփանեան: