ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, որ սկսած է ապատեղեկատուութիւն տարածել գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ, 15 Յուլիսին եւս ձեռնպահ չմնաց տեղեկատուական սադրիչ գործողութիւններէ:
Արդարեւ, այդ երկրի պաշտպանական գերատեսչութիւնը տարածեց հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն, 15 Յուլիսին Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները Գեղարքունիքի մարզի մարտական յենակէտերէն կրակ բացին ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ:
«Տեղեկութիւնը չի համապատասխանում իրականութեանը. ՀՀ զինուած ուժերը հրադադարի պահպանման ռեժիմը չեն խախտել: Հայկական ստորաբաժանումները, անհրաժեշտութեան դէպքում, իրականացնում են միայն հակառակորդին հակազդելու գործողութիւններ», կ՛ըսուի Հայաստանի պաշտպանութան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։