ԵՐԵՒԱՆ.- Գորիս-Կապան միջպետական ճամբու Որոտան բնակավայրին մօտ, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Էյվազլի շրջանի հատուածին մէջ, Ատրպէյճանի ոստիկանութիւնը կը ստուգէ իրանեան թիւ ունեցող բեռնատարներու վարորդներուն եւ բեռան փաստաթուղթերը։ Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան ծառայութիւնը։ Այս ստուգումը սկսաւ 12 Սեպտեմբերին՝ կէսօրուան ժամը 12ին, կը տեղեկացնէ «Լրագիր»ը։
«Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերի եւ Ռուսաստանի սահմանապահ ծառայութեան զինծառայողների կողմից համատեղ աշխատանքներ են իրականացւում առաջացած իրավիճակը կարգաւորելու ուղղութեամբ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
«Լրագիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Գորիսի փոխքաղաքապետ Կարօ Քոչարեան դիտել տուաւ, որ Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ ոստիկանական անցակէտ տեղադրած ատրպէյճանցիները մեծ գումար կը պահանջեն իրանեան բեռնատարներու վարորդներէն, որոնք դժգոհ են այս վիճակէն։
«Թուրքը պոստը դրել է, ստուգում է Իրանից եկող մեքենաները: Հայկական մեքենաները չեն ստուգում առայժմ, իսկ Իրանից եկած մեքենաներն ու փաստաթղթերն ստուգում են: Իրանցի վարորդի բառերն եմ կրկնում` ասել են` մինչեւ մուծում չանէք, միւս անգամ չգաք», յայտնեց Կարօ Քոչարեան։ Ըստ անոր՝ ատրպէյճանցիները սակացոյց ճշդած են Իրանէն Հայաստան մտնող բեռնատարներուն համար` 30 տոլար փաստաթուղթերու արձանագրութեան համար, 130 տոլար` ճանապարհի համար: Մեծ բեռնատարներուն համար սահմանած են 260 տոլար, իսկ վառելանիւթի տեղափոխման համար` 500 տոլար:
Ըստ փոխքաղաքապետին` ստեղծուած իրավիճակը լաւ զարգացումներու չ՛առաջնորդեր, իրանցի վարորդները արդէն ըսած են, որ պիտի հրաժարին բեռ փոխադրելէ։ «Իրենք արդէն ասում են` մենք կը հրաժարուենք փոխադրումներից, եթէ շարունակեն պահանջել գումար մուծելէ: Ես լաւ բան չեմ տեսնում, քանի որ երեք գիւղ ունեմ այդ հատուածում, չհաշուած Կապան-Մեղրի գնացող մեքենաները: Գիշերուայ մէջ ինչ կը լինի, ցերեկը ինչ կը լինի, ոնց կը լինի, չգիտեմ», ըսաւ փոխքաղաքապետը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Սայիտ Խաթիպզատէ յայտարարեց, որ դրացիներուն հետ յարաբերութիւնները առաջնահերթութիւն են Իրանի համար, եւ ասիկա դրսեւորուած է նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի արտաքին քաղաքականութեան հիմնարար մօտեցումներուն մէջ: Այս մասին յայտնեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
«Մենք կը փորձենք Իրանի կարելիութիւնները օգտագործել տարածաշրջանային զարգացման, խաղաղութեան եւ կայունութեան համար` բոլոր դրացիներուն մասնակցութեամբ: Մասնաւորապէս, օրակարգի վրայ են Հայաստանի, ինչպէս նաեւ մեր միւս դրացիներուն հետ յարաբերութիւնները», ըսաւ Խաթիպզատէ:
Մինչ այդ, օրուան առաջին կիսուն խորհրդարանական ընդդիմութիւնը պահանջեց Ազգային ժողով հրաւիրել ԱԱԾի տնօրէնը` Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ բացատրութիւններ տալու համար:
«Նախորդ օրերին մենք ականատես եղանք ադրբեջանական զինուած ուժերի հերթական ապօրինի գործողութիւններին եւ, ցաւօք սրտի, մեր իշխանութիւնների կրաւորական ու ոչ մի բացատրութիւն չտուող կեցուածքին: Ընդ որում, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան յայտարարութիւնը ոչ միայն չի բխում մեր անվտանգութեան շահերից, այն անատամ է եւ ոչինչ չասող», ըսաւ Ազգային ժողովի նիստին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան: Ան հաստատեց, որ Ազգային ժողովի անդամներուն իրաւունքն է յաւուր պատշաճի հասկնալ, թէ ի՛նչ կը կատարուի, «մանաւանդ երբ ԱԱԾ յայտարարութիւնն արդէն ամբողջական օգտագործում է ադրբեջանական եզրաբանութիւն»: