ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի շրջանի Կարմիր շուկայ եւ Թաղավարդ համայնքներու մերձակայքը տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերէն 11 Փետրուարին` առաւօտեան ժամը 5:50ի շուրջ կրակոցներ արձակուեցան դիտարկուող բնակելի տուներու ուղղութեամբ: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:
«Հաշուի առնելով բնակավայրերի եւ ադրբեջանական դիրքերի մինչեւ առկայ հեռաւորութիւնը եւ այն, որ գիւղի բնակելի հատուածը ուղիղ դիտարկւում է ադրբեջանական դիրքերից, անհերքելի է այն հետեւութիւնը, որ ադրբեջանական կողմը ուղիղ թիրախաւորել է խաղաղ բնակիչների տները, որի հետեւանքով վնասուել են բնակելի տներ` տան պատեր, տանիքներ: Խաղաղ բնակիչներին ահաբեկելուն ուղղուած նոյն գործողութիւնների ընթացքում խոցուել է նաեւ Կարմիր շուկայ համայնքի բնակչի տան պատուհանը, իսկ գնդակը ներթափանցել է տան հիւրասենեակ, որտեղ գտնւում էին կրակոցների ձայնից քնից արթնացած տանտիրոջ անչափահաս երեք երեխաները եւ կինը: Յատկանշական է, որ նկարագրուած դէպքը վերջին օրերին ադրբեջանական զինուած ուժերի ահաբեկչական պարբերական աշխուժացած գործողութիւնների հերթական դրսեւորումն էր», յայտնեց Ստեփանեան:
Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը դարձեալ հաստատեց, որ Արցախի խաղաղ բնակավայրերուն մերձակայքը տեղակայուած ատրպէյճանական զինուած յենակէտերը եւ անոնց միջոցով կատարուող հայատեաց ու ահաբեկչական գործողութիւնները ուղիղ եւ անառարկելի սպառնալիք են Արցախի բնակչութեան իրաւունքներուն` մասնաւորապէս կեանքի իրաւունքին համար:
«Վերահաստատում եմ այն պնդումը, որ Ադրբեջանի կողմից իրականացուող յանցաւոր գործողութիւնները կրում են պարբերական ու համակարգուած բնոյթ, որը նպատակաուղղուած է Արցախում վախի, յուսահատութեան մթնոլորտ ձեւաւորելուն: Ադրբեջանը շարունակելու է Արցախը ժողովրդի դէմ ուղղուած իր յանցաւոր փորձերը, քանի դեռ միջազգային հանրութիւնը միաձայն չի դատապարտել մարդկութեան դէմ ուղղուած ադրբեջանական բացայայտ անօրինականութիւնները», ըսաւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան: