ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 6 յուլիսին կարգ մը լրատուամիջոցներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ատրպէյճան կրնայ հրաժարիլ Ղարաբաղեան բանակցութիւններէն։
Ըստ «Թուրան» լրատու գործակալութեան՝ Ալիեւ դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճան չի փոխեր իր դիրքորոշումը ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին նկատմամբ, «քանի որ արդարութիւնը իրենց կողմն է»։
«Մեր դիրքորոշումը հիմնուած է պատմական արդարութեան եւ միջազգային իրաւունքին վրայ։ Տագնապը պէտք է լուծուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ, մենք թոյլ պիտի չտանք, որ հայկական երկրորդ պետութիւն ստեղծուի ատրպէյճանական հողերուն վրայ»։
Ըստ «Թուրան» լրատու գործակալութեան՝ Ալիեւ քննադատեց ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը։ «ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը չ՛արձագանգեր Հայաստանի վարչապետին այն յայտարարութեան, թէ Ղարաբաղը Հայաստան է։ Այդ յայտարարութիւնը կը ձախողեցնէ բանակցութիւնները եւ անիմաստ կը դարձնէ զանոնք… Մինսկի խումբը համարժէք պատասխան չտուաւ նաեւ ձեւաչափը փոխելու Երեւանի փորձերուն, որ կը պահանջեն Ատրպէյճանէն բանակցութիւններու սկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի անջատողականներուն հետ»։
Ան դիտել տուաւ, որ տագնապին լուծման բանակցութիւններ փաստօրէն տեղի չեն ունենար, իսկ երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ տեղի ունեցող տեսաժողովները ոչ մէկ նշանակութիւն ունին (երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետիարովի միջեւ տեսաժողով մը տեղի ունեցաւ 30 յունիսին-Խմբ.)։
«Այսօր փաստացի բանակցային հոլովոյթ տեղի չ՛ունենար։ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ տեսաժողովները նշանակութիւն չունին։ Ատիկա պարզապէս կը նշանակէ, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը գործունէութիւն կը ծաւալէ։ Լա՛ւ, սակայն մինչեւ ե՞րբ։ Գործունէութիւն ծաւալել չի նշանակեր արդիւնաւէտ ըլլալ», յայտարարեց Ալիեւ։
Ատրպէյճանի նախագահը շեշտեց, որ ինք կ՛ուզէ շօշափելի բանակցութիւններ վարել՝ առանց ձեւաչափի փոփոխութեան։ «Այդ պարագային մենք կը մասնակցինք բանակցութիւններուն։ Հակառակ պարագային՝ բանակցութիւններու անհրաժշետութիւն չկայ», նշեց Ալիեւ։