ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 30 Յունիսին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, որ յստակ պարզաբանում չկայ այն մասին, թէ ինչո՛ւ Ատրպէյճան յետաձգեց Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ հանդիպումը:
«Նախատեսուած էր 27-28-ին, դրանից առաջ էլ ունէինք պայմանաւորուած օր, բայց դրանք յետաձգուեցին, դեռեւս յայտնի չէ յստակ պատճառներ, թէ ինչում է Ադրբեջանը յետաձգել», ընդգծեց Գրիգորեան:
Ան նշեց, թէ տեղեկութիւններ ունի, որ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ յառաջիկային:
27 Յունիսի առցանց ասուլիսին ընթացքին, Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ ատրպէյճանական կողմը չեղարկած էր Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած Գրիգորեան-Հաճիեւ հանդիպումը:
Նշենք, որ Արմէն Գրիգորեանի եւ Հիքմեթ Հաճիեւի միջեւ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 3 Մայիսին, Պրիւքսէլի մէջ: