ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Արդէն շուրջ շաբաթէ մը ի վեր Արցախի փրկարարները Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ որոնողական աշխատանքներ չեն կատարեր, որովհետեւ Ատրպէյճան հարցեր կը յառաջացնէ։ Այս մասին «Երկիր Մեդիա»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան մամլոյ խօսնակ Յունան Թադեւոսեան:
«Որոնողական աշխատանքները մէկ շաբաթ դադարեցուած են եղել, բայց մենք ամէն օր պատրաստ ենք եղել, որ գնանք, սակայն իրենց կողմը չի թոյլատրել: Ադրբեջանական կողմն իր վարքագիծը որեւէ կերպ չի պարզաբանել, չի նշել, թէ ինչո՞ւ չեն թոյլատրում շարունակել աշխատանքները», յայտնեց ան:
Թադեւոսեան նշեց, թէ չի բացառուիր, որ ասիկա կապ ունի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ վերջերս կատարուող պաշտօնական այցելութիւններուն եւ շինարարութիւններուն հետ:
«Եղանակային պայմանները թոյլ են տալիս շարունակել որոնողական աշխատանքները: Պայմանաւորուածութիւն ենք ձեռք բերել վաղը գնալու համար, երեւի հարաւային ուղղութեամբ, տարածքը դեռ չի որոշուել», յայտնեց ան: