Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ կայ ռազմավարական դաշինքը, զոր պէտք է ամրապնդել: Այս մասին 7 Մայիսին, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախի հերոս, զօրավար Արկադի Տէր Թադեւոսեան (Քոմանտոս):
«Մենք յաղթած ենք պատերազմը, սակայն պարտուած ենք դիւանագիտական ճակատի վրայ: Մենք պէտք չէ նայինք թշնամիին, մենք այնքան հարցեր ունինք, մենք պէտք է նայինք՝ ուր սխալած ենք: Մենք պէտք է առնենք այնպիսի քայլեր, որոնք մեզի թոյլ կու տան ուժեղանալու», ըստ «Նիուզ»ի, ըսաւ Տէր Թադեւոսեան:
Արկադի Տէր Թադեւոսեան կը կարծէ, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը պատերազմ չ՛ուզեր, միայն կը սպառնայ անորմով։ «Ալիեւ նստած է նաւթատոլարներու վրայ. ան պատերազմի պէտք չունի, ան պէտք է խօսի պատերազմի մասին, որպէսզի մեզ վախցնէ: Կռիւը Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը չեն ըներ, այլ՝ կողքինները»:
Քոմանտոսի համար ընդունելի չէ ժողովուրդներուն խաղաղութեան նախապատրաստելու թէզը, որովհետեւ «թուրքերուն հիմնական նպատակը հայերը բնաջնջելն է»:
Յարձակողական մարտավարութեան եւ «նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» թէզի մասին խօսելով՝ ան ըսաւ, որ պաշտպանութեան նախարարին յայտարարութիւնը ճիշդ է, բայց այդ յայտարարութիւնը պէտք է ընէր ոչ թէ ինք, այլ՝ երկրին ղեկավարը:
Ըստ անոր՝ ինք արդէն 10 տարիէ ի վեր կ՛ըսէ, որ պէտք է հարուածել թշնամին:
«Ատրպէյճան քարիւղի տակառի վրայ նստած է. մենք ունինք զայն հարուածելու ու վառելու հնարաւորութիւնը», ըսաւ Տէր Թադեւոսեան:
Անդրադառնալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան՝ ըստ որուն, Արցախի ժողովուրդը պէտք է որոշէ, թէ ի՛նչ լուծում կ՛ուզէ՝ ան պատասխանեց. «Ժողովուրդը խաղաղութիւն կ՛ուզէ, պարզապէս մենք լաւ դրացիներ չունինք»:
Խօսելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպման մասին, ան նշեց, որ եղան պայմանաւորուածութիւններ, զորս Ատրպէյճան կը շարունակէ խախտել:
«Ան գնաց խօսեցաւ եւ ըսաւ. «Կրակել պիտի չըլլայ», իրարու լա՜ւ ժպտացին: Կռիւը կա՞յ, կը կրակե՞ն: Հայաստան կ՛ըսէ այն, ինչ կ՛ուզէ, իսկ Ատրպէյճան կը յայտարարէ, բայց իր խօսքը չի պահեր», եզրափակեց Արկադի Տէր Թադեւոսեան: