Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին, կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ¬ի «Անդրանիկ» մշակութային մարմինին, երէկ` երեքշաբթի, 15 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00¬ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Արաբական վկայութիւններ` Մեծ եղեռնին մասին» նիւթով դասախօսական ձեռնարկ:
Բացման խօսքը արտասանեց Արմէն Իւրնեշլեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս ձեռնարկը ՀԲԸՄ¬ի 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն մաս կը կազմէ. անոր համաձայն, 100 տարուան գոյութեան ընթացքին ՀԲԸՄ¬ի յարկին տակ հասակ նետած են երեք սերունդներ, սակայն հայութեան ունեցած գլխագիր ցաւը տակաւին կը մնայ առկայ, բայց եւ այնպէս հայութիւնը ցաւէն անդին անցնելով դարձած է պահանջատէր եւ պայքարող: Ա. Իւրնեշլեան ըսաւ, որ իրերայաջորդ սերունդներ փորձած են իրենց ներդրումը ունենալ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած աշխատանքին մէջ` մեր դատը հանրութեան ներկայացնելու եւ մեր նահատակներու յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով: Այս ծիրին մէջ ան անդրադարձաւ դոկտ. Նորա Արիսեանի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող աշխատանքին, կատարած ուսումնասիրութիւններուն, որոնք յառաջիկային պիտի ամփոփուին գիրքի մը մէջ:
Ապա ան հրաւիրեց նորակազմ «Կռունկներ» նուագախումբը, որ մեկնաբանեց երկու մեղեդի:
Ապա խօսք առաւ օրուան բանախօսը` դոկտ. Նորա Արիսեան, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին կարեւոր նկատեց տարուած աշխատանքին հաշուետուութիւնը կատարել, հաւաքուած փաստերը մէկտեղել, ապա ծրագրել յառաջիկայ քայլերը:
Նորա Արիսեան արաբական ընդհանուր իրականութենէն մեկնելով` նշեց, որ արաբական հիմնական երկիրներուն մէջ, ուր ապաստան գտած են Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածները, փաստերու եւ տուեալներու բացակայութիւնը զգալի է, որովհետեւ անոնք եւս որոշ ժամանակաշրջանի համար կը գտնուէին Օսմանեան տիրապետութեան տակ: Բայց եւ այնպէս, հետեւողական աշխատանքով, ուսումնասիրութիւններու, տուեալներու փնտռտուքով կարելի եղած է որոշ կարեւոր տեղեկութիւններ եւ փաստեր ձեռք ձգել:
Իր աշխատանքի ընթացքին մասին խօսելով` Նորա Արիսեան յայտնեց, որ իբրեւ հիմք ունեցած է երեք հիմնական տուեալներ, որոնց ընդմէջէն միշտ փորձած է գիտնալ Ցեղասպանութեան մասին արաբ պատմագիրներուն, մտաւորականներուն, քաղաքական եւ կրօնական անձնաւորութիւններուն, լրագրողներուն, յուշագիրներուն տեսակէտը, անոնց ընկալման ձեւը: Այդ երեք հիմնական աղբիւրներն են` արաբ պատմագիրներ, քաղաքական կամ կրօնական անձնաւորութիւններու յայտարարութիւններ եւ իր կողմէ կատարուած հարցազրոյց¬հարցախոյզներ: Արաբ պատմագիրներու կարգին ան յատկապէս յիշեց Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն մասին լայն տեղեկութիւններ փոխանցող Ահմետ Ուասֆի Զաքարիա, Ֆայեզ Ղոսըն, Մոհամետ Քրտալի, Սալեհ Զահրէտտին, Օմար Սլեպի, Մոհամետ Ռիֆաթ Իմամ եւ ուրիշներ: Տարբեր տարիներու Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող յայտարարութիւններուն մասին խօսելով` Արիսեան յայտնեց, որ 1916-1917 տարիներուն արդէն իսկ կան արաբ անձնաւորութիւններու կողմէ կատարուած յայտարարութիւններ, որոնց մէջ յստակօրէն նշուած է ցեղասպանութիւն եզրը` անդրադառնալով հայերուն նկատմամբ տեղի ունեցածին: Ան հարցազրոյցներ կատարած է հիմնականօրէն այնպիսի անձնաւորութիւններու հետ, որոնք թէեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսած են, ժապաւէններ պատրաստած են, յօդուածներ ունին, սակայն անոնց կողմէ ցեղասպանութիւնը դատապարտող եւ աւելի յստակօրէն Մեծ եղեռնին անդրադարձող վկայութիւններ ունենալու նպատակով կարիք եղած է անձամբ հանդիպիլ եւ զրուցել անոնց հետ:
Նորա Արիսեան շատ կարեւոր նկատեց նաեւ արաբական, յատկապէս իր ուսումնասիրութեան նիւթը հանդիսացաւ սուրիական մամուլը, ուր շատ կարեւոր եւ արժէքաւոր տեղեկութիւններ եւ փաստեր գոյութիւն ունին: Անոր համաձայն, այս բոլորը կը ծառայեն շօշափելի փաստերով ներկայանալու թէ՛ արաբական հանրային կարծիքին եւ թէ՛ պետական կառոյցներուն:
Իր խօսքը եզրափակելով` բանախօսը դիտել տուաւ, որ արաբական մակարդակի վրայ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ մօտեցումը եղած է անկողմնակալ եւ չէ խեղաթիւրուած, արաբական աղբիւրները մեծ արժէք կը ներկայացնեն մեր դատը միջազգային մակարդակի վրայ հետապնդելու իմաստով:
Ձեռնարկի աւարտին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ¬ի անունով յուշանուէր մը յանձնուեցաւ դոկտ. Նորա Արիսեանին: