ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, 13 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ միութեան նորանշանակ հոգեւոր խորհրդատու. Զաւէն վրդ. Նաճարեանի։
Հայր սուրբը իր որդիական երախտագիտական ու շնորհակալական ապրումները փոխանցելէ ետք հայրապետին՝ ներկայացուց իւրաքանչիւր վարչական անդամը ու անոր ստանձնած պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ պարզեց ՀԵՀՈՄի յառաջիկայ տարուան գործութիւնէութիւնը եւ հայցեց վեհափառին օրհնութիւնը։
Կաթողիկոսը, գնահատելով համալսարանականներուն կողմէ նախաձեռնուած աշխատանքները՝ ըսաւ, որ ուսանողներուն մասնագիտութիւնները եւ կազմութիւնը խթան կը հանդիսանան հայ ազգին ու եկեղեցւոյ յառաջդիմութեան։ Ան յանձնարարեց անոնց մօտ մնալ հայկական գաղութներուն ու գործունեայ ներկայութեամբ նպաստեն ազգային-եկեղեցական կեանքի բարգաւաճման եւ զարգացման։ Վեհափառըը շեշտեց մեր ազգային կեանքին մէջ ՀԵՀՈՄին առաւել ներկայութիւն դառնալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի միութեան դիմագիծը յստակ ու ճանաչելի դառնայ մեր հայ երիտասարդութեան:
Այս առիթով, հայրապետը իր օրհնութիւնը տուաւ ՀԵՀՈՄին եւ գնահատեց միութեան ծրագիրները եւ աշխատանքները, նոյն ժամանակ շեշտելով ներկայ համալսարանական երիտասարդութեան սպասումներուն եւ մտահոգութիւններուն համապատասխան նոր ծրագիրներ մշակելու ու աշխատանքային նոր մեթոտներ որդեգրելու հրամայականը