ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ միաձայնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ զայն նկատելով եզակի իրագործում՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մեր հաւաքական պայքարի ճանապարհին վրայ:
«Արդարեւ, այս գծով կարեւոր դեր ունեցան Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի մարմինները եւ յատկապէս Ուաշինկթընի մէջ գործող Հայ Դատի գրասենեակը: Անցնող տարիներուն Ուաշինկթընի մէջ մենք այցելած ենք յիշեալ գրասենեակը, քաջալերած ենք Հայ Դատի նուիրեալներուն աշխատանքը եւ մեր հայրապետական պատգամն ու օրհնութիւնը փոխանցած: Նաեւ հանդիպումներ ունեցած ենք հայ ժողովուրդի ու յատկապէս Հայ Դատի բարեկամ պետական պատասխանատուներու հետ: Ահա թէ ինչո՛ւ մենք յատուկ ուրախութեամբ կ՛ողջունենք այս կարեւոր նուաճումը, որ արդիւնք է հաւաքական ու հետեւողական աշխատանքի:
«Այս ուրախ առիթով, մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին՝ այն սպասումով, որ Ներկայացուցիչներու տունէն եւ Ծերակոյտէն ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահը եւս վճռական քայլ մը առնէ այս ուղղութեամբ:
«Փա՛ռք ու յարգանք իր բռնաբարուած իրաւունքներու պայքարին նուիրուած հայ ժողովուրդին», յայտնեց վեհափառ հայրապետը։