Երեքշաբթի, 30 նոյեմբեր 2021-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:
Հանդիպումին սկիզբը վեհափառ հայրապետը ողջունեց մայրավանք հասած թեմակալ առաջնորդները: Խօսելով միաբանական կեանքին առնչուած երեւոյթներուն մասին` ան շեշտեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը այսօր ամբողջական նուիրումով լծուած է հայ ժողովուրդի ծառայութեան` թէ՛ թեմերուն եւ թէ՛ կաթողիկոսարանին մէջ: Ապա, վեհափառ հայրապետը անդրադարձ կատարեց յառաջիկային տեղի ունենալիք Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն: Հանդիպումի ընթացքին վեհափառ հայրապետը նաեւ խօսեցաւ հայ ազգն ու հայրենիքը յուզող հարցերու մասին:
Աւարտին, հաւաքին մասնակից միաբաններ համահունչ կերպով կատարեցին «Կիլիկիա» քայլերգի ու «Կիլիկեան ուխտի» հայրապետական մաղթերգի երգեցողութիւնը: