Ժընեւի Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուող միջազգային համագումարին, որուն բացումը կատարած էր Արամ Ա. կաթողիկոս, երկրորդ օրը վեհափառ հայրապետը «Ժընեւ-2»-ին ղրկուելիք ուղեգիծին իր պատկերացումը պարզեց համագումարին: Վեհափառ հայրապետը, որ կարեւոր դեր ունեցած էր համագումարի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ, ինը կէտերէ բաղկացած իր տեսակէտը ներկայացուց հետեւեալ ձեւով.
ա) Զինադադարի անմիջական յայտարարութիւն եւ սուրիական հողին վրայ տեղի ունեցող ամէն տեսակի բռնարարքներու եւ առեւանգումներու դադարում եւ առեւանգեալներու ազատ արձակում: Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է ազդու միջոցներու դիմէ Սուրիա մտնող զինամթերքի, ինչպէս նաեւ օտար կռուողներու դադրեցման:
բ) Սուրիացի գաղթականներուն թէ՛ երկրին մէջ եւ թէ՛ շրջակայ արաբական երկիրներուն մէջ կատարուող մարդասիրական օժանդակութիւնը կազմակերպել եւ ներքին ամէն տեսակ շրջափակումները շուտով վերացնել:
գ) Սուրիական տագնապը կարելի չէ զէնքի ուժով լուծել, այլ միայն` քաղաքական երկխօսութեամբ: Երկխօսութիւնն ու անոր յաջորդող հոլովոյթը պէտք է ըլլայ համապարփակ, ծրագրուած եւ յառաջանայ յստակ ժամանակացոյցի մը համաձայն: Անոր պէտք է մասնակցին կառավարութիւնը, ընդդիմութիւնը, բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչները եւ ընդհանրապէս քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները: Աշխարհաքաղաքական շահերը, շրջանային թէ միջազգային ուժերուն, միշտ ալ եղած են ի գին տեղական ժողովուրդներու շահերուն եւ իրաւունքներուն: Սուրիական տագնապի «սուրիականացում»-ը լուծման առաջնորդող ազդու ճամբաներէն մէկը կրնայ ըլլալ:
դ) «Ժընեւ-2»-ը, որ վճռական դէպք մը կոչուած է դառնալու սուրիական տագնապի ծիրին մէջ, պէտք է վերածուի Սուրիան դէպի ամբողջական ու մնայուն խաղաղութիւն առաջնորդող հոլովոյթի, որուն նպատակը պէտք է դառնայ նաեւ ժողովուրդին իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ Սուրիոյ անկախութեան ապահովումը:
ե) Սուրիան խաղաղութեան առաջնորդող հոլովոյթը պէտք է գլխաւորուի ու ղեկավարուի սուրիացի ժողովուրդին կողմէ: Այլ խօսքով` Սուրիոյ ժողովուրդը իր բաղկացուցիչ բոլոր տարրերով պէտք է ինք ճշդէ իր երկրին ապագան: Այս ծիրին մէջ Արաբական լիկայի, ՄԱԿ-ի եւ միջազգային համայնքի ամբողջական աջակցութիւնը հրամայական է:
զ) Պէտք է ամէն գնով ապահովել Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը: Ներհամայնքային ու ներկրօնական հակասութիւնները եւ բախումները, որոնք սկսած են դառնալ տիրական ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ, կրնան սուրիական ընկերութիւնը առաջնորդել ներքին բաժանումներու, որոնք իրենց կարգին, կրնան յառաջացնել նաեւ հողային բաժանումներ. վտանգալից երեւոյթ մը, որ կրնայ իր ժխտական անդրադարձը ունենալ ամբողջ շրջանին վրայ:
է) Կրօնական, ցեղային ու համայնքային բազմազանութիւնը սուրիական ընկերութեան յատկանշական երեւոյթներէն մէկը եղած է միշտ: Զայն պէտք է պահել անվթար եւ այս ծիրին մէջ պէտք է ապահովել բոլոր սուրիացիներուն, համայնքներու թէ անհատներու, քաղաքացիական համահաւասար պարտաւորութիւններն ու իրաւունքները:
ը) Մարդկային իրաւունքները եւ ժողովրդավարական սկզբունքները անհրաժեշտ է պաշտպանել` այս ուղղութեամբ ի պահանջել հարկին փոփոխութիւններ կատարելով սահմանադրութեան ինչպէս նաեւ` պետական կառոյցներուն մէջ` ապահովելու համար բոլոր քաղաքացիներու մասնակցութիւնը Սուրիոյ հաւաքական կեանքին, բոլոր մարզերուն մէջ ու բոլոր մակարդակներուն վրայ:
թ) Իբրեւ քրիստոնեաներ, մենք մեր հաւաքական ձայնը կը բարձրացնենք եւ վստահ ենք, որ մեզի հետ են աշխարհի բոլոր կողմերը գտնուող բոլոր քրիստոնեաները: Մեր ձեռքը կ՛երկարենք մեր իսլամ եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնց հետ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներ դարեր շարունակ գոյակցած են միասնաբար մեր գործօն մասնակցութիւնը բերելու Սուրիոյ վերականգնումի հաւաքական աշխատանքին` փոխադարձ հասկացողութեան, յարգանքի ու վստահութեան մթնոլորտի մէջ:
Վեհափառ հայրապետին վերոյիշեալ առաջարկը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ համաժողովին կողմէ` իբրեւ հիմքը «Ժընեւ-2»-ին ուղղուելիք ուղեգիծին:
Հանդիպում Լախտար Իպրահիմիին Հետ
Համագումարի վերջին նիստին ներկայ եղաւ Արաբական լիկային եւ ՄԱԿ-ի կողմէ նշանակուած պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի, որուն առաքելութիւնն էր կողմերուն միջեւ երկխօսութիւն յառաջացնել, որպէսզի անոնք կարենան միասնաբար Սուրիան առաջնորդել տագնապի լուծման:
Վեհափառ հայրապետը նախ առանձին կարճ հանդիպում մը ունեցաւ Լախտար Իպրահիմիին հետ. հանդիպումին ընթացքին ան ընդհանուր գիծերով պարզեց համագումարին ընթացքը: