Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան շրջափակման 100-րդ օրը թեւակոխուեցաւ: Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս նախանցեալ օր ուղղեց հետեւեալ պատգամը.
Այսօր հարիւրերորդ օրն է Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած Արցախի շրջափակումին: Չենք կրնար լուռ մնալ միջազգային համայնքին եւ մեր մօտ թէ հեռու բարեկամներու անտարբերութեան դիմաց: Փաստօրէն ցեղասպանութեան համազօր անմարդկային արարք մըն է ազերիներու կողմէ 180.000 բնակչութիւն հաշուող Արցախի դէմ կատարուած շրջափակումը: Չի՛ բաւեր միայն դատապարտել ու քննադատել: Անհրաժեշտ է գործնական քայլերու դիմել ու պաշտպանել Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:
Այս մօտեցումով Մենք` որպէս կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Արցախի արդար դատը շարունակեցինք պաշտպանել` մէկ կողմէն յիշեցնելով Արցախի ժողովուրդին արդար իրաւունքը, միւս կողմէն` կոչ ուղղելով մեզի բարեկամ երկիրներուն` գործնապէս զօրակցելու մեր ժողովուրդի արդար դատին:
Այս մօտեցումով քանի մը օրեր առաջ Յունաստանի վարչապետին հետ ունեցած Մեր հանդիպման ընթացքին յիշեալ հարցը պարզեցինք: Նոյն մօտեցումով, այս առաւօտ Արցախի ներկայ վիճակը ու նաեւ ինքնորոշման իրաւունքը ներկայացուցինք Կիպրոսի նորընտիր նախագահին: Մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին հին բարեկամները նկատուող Յունաստանի ու Կիպրոսի վերին ղեկավարները խոստացան Արցախի հարցը ներկայացնել յառաջիկայ օրերուն Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նիստին:
Արցախի հարցը համահայկական առաջնահերթութիւն է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նո՛յն յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ մնալ Արցախի ժողովուրդի կողքին` միջազգային շրջանակներէն ներս հետապնդելով Արցախի ժողովուրդին արդար դատը: