«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ 11 յունուար 2014-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական կոնդակով արքութեան պատիւ եւ տիտղոս շնորհեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Բերիոյ Թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանին:
Արամ Ա. կաթողիկոս, բարձրօրէն գնահատելով սրբազան հօր նուիրումն ու ծառայութիւնը, կատարեց այս շնորհաբաշխումը:
Նշենք, որ Շահան արք. Սարգիսեան 7 մայիս 2004-ին ընտրուած է առաջնորդ հայոց Բերիոյ թեմի: 9 – 10 ապրիլ 2005-ին եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած է` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ձեռամբ: