Հինգշաբթի, 24 նոյեմբեր 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քարիմ Ալի:
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Վեհափառ հայրապետը իր շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց դեսպանին` շուրջ 13 տարիներու իր դիւանագիտական ծառայութեան ընթացքին Սուրիոյ հետ կաթողիկոսարանին ունեցած յարաբերութեան մեծապէս օգտակար հանդիսանալուն համար: Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց նաեւ Սուրիոյ հայ համայնքին նկատմամբ պետութեան ցուցաբերած օգտակարութեան համար: Բագրատունի, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական պլոքին եւ դեսպանատան միջեւ զարգացած սերտ գործակցութեան համար:
Դեսպանը յատուկ յարգանքով անդրադարձաւ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Սուրիոյ հայութեան, ինչպէս նաեւ հայ համայնքներու կրօնական ու հոգեւոր պատասխանատուներուն որդեգրած առողջ կեցուածքներուն` երկու երկիրները յուզող հարցերուն ու տագնապներուն նկատմամբ:
Հանդիպման աւարտին, վեհափառ հայրապետը յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց դեսպանին: