Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանը: Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին հանդիպման առանցքը դարձան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առնչուած ծրագիրները եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Այս առիթով վեհափառ հայրապետը նաեւ տեղեակ պահեց դեսպանը «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին նախօրեակին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած քրիստոնէական համագումարի արդիւնքներուն եւ այդ առիթով իր ունեցած հանդիպումներուն մասին: