Գլխաւորութեամբ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժեմայէլին, տասը անձերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը երէկ` հինգշաբթի, 29 ապրիլ 2021-ին, այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Սամի Ժեմայէլ յանուն Փաղանգաւոր կուսակցութեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ժխտական դերակատարութեան` արաբական աշխարհին մէջ:
Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անդամները ուղղուեցան դէպի Նահատակաց յուշարձան-մատուռ, ուր իրենց յարգանքը մատուցեցին սրբացեալ նահատակներուն, ապա այցելեցին «Կիլիկիա» թանգարան: