Գերմանիոյ Քարլսրուէ քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 11-րդ համաժողովը Արամ Ա. կաթողիկոսը ընտրեց խորհուրդի նախագահ` ներկայացնելով արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները:
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը երկու շրջան (1991-1998 եւ 1998-2006) ընտրուած էր ԵՀԽ-ի կեդրոնական ու գործադիր վարչութեանց ատենապետ:
Արդարեւ, ընդառաջելով միջեկեղեցական անձնաւորութիւններու ու շրջանակներու ջերմ փափաքին, ինչպէս նաեւ միջեկեղեցական շարժումին նոր մղում մը տալու հեռանկարով, վեհափառ հայրապետը ընդառաջեց նախագահ դառնալու անոնց փափաքին: