Հինգշաբթի, 16 յունուար 2014-ի առաւօտեան, Ժընեւի իր իջեւանած պանդոկին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ դոկտ. Կոթֆրիտ Լոշըր` ընկերակցութեամբ նոյն խորհուրդի միջեկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատուին եւ Արմենոֆասի փոխնախագահին: Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Արմենոֆասի նախագահ Թենի Սիմոնեան:
Հանդիպման նպատակն էր քննել Սուրիոյ կացութիւնը` «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ` վեհափառ հայրապետին հետ ծրագրել Զուիցերիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նշումը: 100-րդ տարելիցին առիթով Արմենոֆասը արդէն իսկ սկսած է մշակել շարք մը ծրագիրներ: Յայտնենք, որ Արմենոֆասը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցիներու միասնական ճիգով կազմուած բարեսիրական միութիւն մըն է, որ կը շարունակէ ցեղասպանութենէն ետք զուիցերիական եկեղեցիներու կատարած օգնութիւնը հայ ժողովուրդին` բնականաբար տարբեր մօտեցումներով եւ առաջնահերթութիւններով: