Երէկ` չորեքշաբթի, 12 օգոստոս 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, իր բարձր գնահատանքը յայտնեց անցնող օրերուն յաջորդական երեք օդանաւեր Հայաստանէն Լիբանան հասած օժանդակութեանց համար` Լիբանանի պետութեան ճամբով լիբանանցի ժողովուրդին եւ հայ համայնքին:
Երեկոյեան, վեհափառին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Դեսպանը զեկուցում մը տուաւ վեհափառ հայրապետին Հայաստանէն հասած պատուիրակութեան հայ համայնքի պատասխանատուներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն մասին, ինչպէս նաեւ որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուց յիշեալ օժանդակութեանց վերաբերեալ:
Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց դեսպանին թէ՛ օժանդակութեանց եւ թէ՛ պատուիրակութեան այցելութեանց գծով Հայաստանի Հանրապետութեան կատարած աշխատանքներուն եւ ցուցաբերած օժանդակութեան համար: