Վերջին օրերուն, Հալէպի մէջ, ինչպէս նաեւ հայ կեանքին մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը սկսած է լայն տարածում ունենալ: Վեհափառ հայրապետը մօտէն կը հետեւի ստեղծուած կացութեան: Երէկ առաւօտ, վեհափառ հայրապետը դարձեալ խորհրդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի եւ համայնքի պատասխանատուներուն հետ:
Վեհափառ հայրապետը, նկատի ունենալով համայնքին կարիքները, անմիջապէս որոշ գումար մը փոխանցեց համայնքի պատասխանատուներուն` գործածուելու համար դեղորայքի եւ առողջապահական կարիքներու: Յայտնենք նաեւ, որ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) կարգադրութեամբ, յառաջիկայ օրերուն անհրաժեշտ դեղորայքը պիտի ղրկուի Հալէպ:
Վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն բոլոր գաղութներուն ու շրջաններուն մէջ, որ բարձրագոյն աստիճանի զգուշաւորութիւն ցոյց տան համաճարակին գծով` հեռու մնալով հաւաքներէ, խճողուած վայրերէ, միշտ դիմակ գործածելով եւ հետեւելով տեղւոյն իշխանութեան ցուցմունքներուն: