Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ղարաբաղա- ազերիական գիծին վրայ կրակը անյապաղ դադրեցնելու կոչ ուղղեց: « Ըստ առկայ տեղեկատուութեան, իրավիճակը կտրուկ սրած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ: Երկու կողմերէն ալ սահմանագիծի երկարութեամբ կը տեղայ կրակ: Կորուստներու մասին կ’իմանանք հաղորդագրութիւններէն: Կրակը անյապաղ դարեցնելու կոչ կ’ուղղենք կողմերուն եւ բանակցութիւններու սկսիլ իրավիճակը կայունացնելու համար» նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառը կապ հաստատեց Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց հայոց բանակին:
Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան խաղաղութեան եւ անվտանգութեան դէմ ուղղուած ռազմական յարձակումները կանխելու կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին: