ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայ գտնուող «Կրանտ հոթել Երեւան» պանդոկին մէջ օրերս բացուեցաւ աշխարհահռչակ հայ երաժշտահան Արամ Խաչատուրեանի անունը կրող սենեակը: Բարձր դասի առաջնակարգ սենեակ մըն է, որ ամբողջութեամբ կը կրէ համաշխարհային դասական երաժշտութեան անուանի հսկային շունչն ու ոգին:
Այսպիսով, Արամ Խաչատուրեանի սենեակը եկաւ համալրելու հինգ աստղանի պանդոկին մէջ գործող միւս հայ մեծերուն անուններով կոչուած սենեակներուն կարգը:
«Կրանտ հոթել Երեւան»-ի մէջ նախորդ տարիներուն բացուած են նաեւ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի, արձանագործ, նկարիչ Երուանդ Քոչարի, բեմադրիչ, նկարիչ Սերգէյ Փարաճանովի եւ ֆրանսահայ երաժիշտ Շարլ Ազնաւուրի անունով բարձր դասի առաջնակարգ սենեակներ: Անուններուն ընտրութիւնը պատահական չէ. այս մարդիկ Երեւան կեցութեան օրերուն, զանազան տարիներ, նախընտրած են այս պանդոկը, որ Երեւանի սրտին մէջ գտնուելով` նաեւ մայրաքաղաքի հնագոյն եւ մտերմիկ պանդոկներէն է: Աւելի՛ն. անոնցմէ ոմանք երկար ժամանակով նոյնիսկ բնակած են պանդոկին մէջ, հոն ստեղծագործած են, ընդունած հիւրեր, կազմակերպած` ընտանեկան եւ զանազան ձեռնարկներ:
Այդպէս եղած է նաեւ Արամ Խաչատուրեանի պարագային: Ան ծնած ըլլալով Թիֆլիս եւ ապրելով ու ստեղծագործելով հիմնականօրէն Մոսկուա` յաճախ կ՛այցելէր Հայաստան: Արամ Խաչատուրեան Երեւանի մէջ առանձնատուն մը ունեցած է շատ աւելի ուշ. 1947 թուականին Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը երաժշտահանին նուիրած է այն տունը, որուն հիման վրայ ստեղծուած է եւ այսօր ալ կը գործէ Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը: Խաչատուրեան այդ տան մէջ միշտ չէ բնակած, հոն կը բնակէին իր մայրն ու եղբայրը, եւ ինքն ալ Երեւան այցելած միջոցին այնտեղ կը մնար:
Երեւան պանդոկին մէջ Խաչատուրեան շատ աւելի առաջ բնակած է` 1935 եւ 1937 թուականներուն: Նախապէս Աստաֆեան կոչուող այս փողոցը, ինչպէս այսօր, նախորդ դարի սկիզբը նոյնպէս կը գրաւէր Երեւան այցելողները: Երեւանի առաջին գլխաւոր ճարտարապետ Նիկողայոս Բունիաթեանի նախագիծով 1926-ին կառուցուած պանդոկը Երեւանի առաջին մեծ հասարակական շէնքն էր: Պանդոկը այնպէս նախագծուած էր, որ ժամանակաւոր հիւրեր ընդունելէ զատ` յարմար էր նաեւ որոշ սենեակներ մշտական բնակիչներու տրամադրելու համար: Այդ աւանդոյթը շարունակուեցաւ մինչեւ անցեալ դարու վերջերը, եւ շէնքը իտալական ընկերութեան վաճառուելէ ետք կեցութեան պայմանները վերափոխուեցան:
1935 թուականին, երբ կը նկարահանուէր հայկական առաջին հնչիւնային շարժանկարը` «Պեպօ»-ն, Արամ Խաչատուրեան կը բնակէր «Երեւան» պանդոկին մէջ եւ հոն տեղադրուած դաշնամուրին վրայ ալ կը գրէր «Պեպօ» շարժանկարին երաժշտութիւնը: Պանդոկին մէջ հանգրուանած էին նաեւ շարժանկարի նկարահանող խումբի միւս անդամները, անոնց կարգին` բեմադրիչ Համօ Բեկնազարեանը:
Այժմ Արամ Խաչատուրեանի նորաբաց սենեակին պատը կը զարդարէ «Պեպօ» շարժանկարին երաժշտութեան նուիրուած պաստառ մը: Բաւական է անոր վրայ դրուած արագ արձագանգման նշագիրին վրայ պահել հեռաձայնը, որ լսուի հանճարեղ երաժշտահանին գրած այդ երաժշտութիւնը: Արագ արձագանգման նշագրեր դրուած են նաեւ պատի այլ նկարներուն վրայ, որոնց միջոցով կարելի է Արամ Խաչատուրեանէն ուրիշ կտորներ ունկնդրել: Պատին կախուած են նաեւ երաժշտահանի համերգային պաստառներէն` «Գայիանէ» եւ «Սպարտակ» պալէներու ազդագրերը: Սենեակին դիմահար պատին Արամ Խաչատուրեանի դիմանկարն է, լրագրասեղանին դրուած է ձայնարկիչը, որմէ կը հնչեն խաչատուրեանական նուրբ մեղեդիներ:
Համաշխարհային դասական երաժշտութեան ասպարէզի նշանաւոր դէմք մը ըլլալով` Արամ Խաչատուրեան իր հայեացքը միշտ պահած է հայրենիքին եւ անոր երաժշտական կեանքին զարգացման վրայ: Ան հայկական առաջին պալէի, առաջին երգակցութեան եւ առաջին դաշնականուագի հեղինակն է եւ հայկական առաջին շարժանկարի երաժշտութեան յօրինողը: Հետեւելով ռուսական երաժշտութեան աւանդոյթներուն` երաժշտահանը իր ստեղծագործութիւններուն մէջ լայնօրէն գործածած է հայկական եւ կովկասեան, արեւելեան եւ արեւմտեան Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու ազգային երաժշտութիւնը:
1935-էն ետք Արամ Խաչատուրեան «Երեւան» պանդոկին մէջ հանգրուանած է 1937-ին` այս անգամ գրելու «Զանգեզուր» շարժանկարին երաժշտութիւնը: Անոր տուն-թանգարանին նամակներուն մէջ խնամքով կը պահուին այն նամակներն ու գրութիւնները, որոնք վարպետը գրած է «Երեւան» պանդոկէն: 1937-ին Խաչատուրեան իր ազգականներուն նամակ կը գրէ` յայտնելով, որ ինքը եւ իր կինը կը բնակին «Երեւան» պանդոկի երկսենեականի հիւրատան մէջ, որ շատ յարմարաւէտ է ստեղծագործելու համար:
Թանգարանը որոշ իրերու եւ նամակներու կրկնօրինակներ տրամադրած է «Երեւան» պանդոկին եւ Խաչատուրեանի անունով սենեակ ունենալու գաղափարն ալ իրագործուած է թանգարանին հետ համատեղ:
Սենեակի բացման ընթացքին դաշնամուրային կատարումով հանդէս եկաւ թանգարանի տնօրէն, դաշնակահարուհի Արմինէ Գրիգորեան: Արամ Խաչատուրանի սենեակին բացումը ան կարեւորագոյն իրադարձութիւն նկատեց համաշխարհային մեծութեան հայ երաժիշտին անունը նաեւ այս միջոցով օտարներուն ներկայացնելու, անոր արուեստը ոգեկոչելու առումով:
Պանդոկի իտալացի տնօրէն Նիքոլա Մանտոլլինին Արամ Խաչատուրեանին սենեակը կոչեց փոքրիկ թանգարան մը, ուր կարելի է նաեւ ապրիլ: Ան նախորդ մեծերու անուններով սենեակներու այցելուներուն դրական արձագանգն ու վառ տպաւորութիւնները փոխանցելով` յայտարարեց, որ այս նախագիծը յաջողած է եւ անպայման շարունակութիւն պիտի ունենայ: Պանդոկը ապագային հոս հանգրուանած ուրիշ մեծերուն նուիրուած սենեակներ նոյնպէս պիտի բանայ:
Հայ մշակոյթի եւ արուեստի մեծերուն նուիրուած այս քարոզչական նախագիծին շնորհիւ` պանդոկը կառավարող իտալական ընկերութիւնը ինքնատիպ թանգարան մը ստեղծած է պանդոկին ներսը: Բազմաթիւ օտար հիւրեր կը նախընտրեն մանաւանդ այս պանդոկը եւ անոնք կրնան զատել նաեւ մշակութային շունչ ունեցող այս սենեակները, ուր ինքնատիպ միջավայր մը ձեւաւորուած է ժամանակէն դուրս եւ միեւնոյն ատեն` ժամանակին համահունչ:
Եզակի Լուսանկարներ
Արամ Խաչատուրեանի սենեակին մէջ եզակի լուսանկարներ կան, որոնց մէջ Արամ Խաչատուրեան կ՛երեւի իր ժամանակի մեծերուն հետ: Լուսանկարները կը ներկայացնեն` հանդիպումներ Հռոմի պապին հետ, հիւրընկալութիւն Չափլինի տան մէջ, դրուագներ ամերիկացի գրող Հեմինկուէյի հետ հանդիպումէն եւ այլ պատկերներ, որոնցմով օտարները պատկերացում մը կը կազմեն 20-րդ դարու ամենանշանաւոր հայ երաժշտահանին մասին:
1960-ին Խաչատուրեան հրաւիրուած է հեղինակային համերգներով հանդէս գալու Քուպայի մէջ` ղեկավարելու Հաւանայի սիմֆոնիք նուագախումբը: Պանդոկի նախասրահին մէջ պատահաբար հանդիպած է գրող Հեմինկուէյին, որ օգտուելով հնարաւորութենէն` Խաչատուրեանը կնոջ հետ հրաւիրած է իր բնակարանը: Խաչատուրեան Հեմինկուէյի գրականութեան սիրահարը ըլլալով` առաջարկը սիրով ընդունած է: Հանդիպումէն հետագային ան յիշած է, որ Հեմինկուէյ խոր հոգեբան է, որ հայեացքէն ու առաջին խօսքէն կրնայ հասկնալ, թէ ինչպիսի՛ մէկը կանգնած է իր առջեւ: Հեմինկուէյ ըսած է, որ Խաչատուրեանի երաժշտութեան միջոցով փորձած է ճանչնալ Հայաստանը եւ անոր երաժշտութենէն ենթադրած է, որ Հայաստանը աշխարհի գեղեցկագոյն երկիրներէն մին է:
Հանդիպումը անցած է ջերմ մթնոլորտի մէջ: Երկար զրոյցէն պարզ դարձած է, որ ոչ միայն Խաչատուրեանը կը սիրէ Հեմինկուէյի ստեղծագործութիւնները, այլ նաեւ Հեմինկուէյը` Խաչատուրեանի գործերը: Հանդիպման անմիջականութեան մասին կը փաստէ դրուագ մը, որ կը ներկայացնէ Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի տնօրէնը. «Հիւրասիրուած սունկով ապուրը Խաչատուրեանի կինը` Նինա Մակարովան, շատ հաւնած է, Հեմինկուէյ առաջարկած է երկրորդ բաժինը: Սակայն պարզուած է, որ ապուրը արդէն վերջացած է, Հեմինկուէյ իր պնակի ապուրը լեցուցած է Խաչատուրեանի կնոջ պնակին մէջ»:
Հանդիպման Խաչատուրեան նշանաւոր գրողը հրաւիրած է Խորհրդային Միութիւն, ինչ որ Հեմինկուէյ ընդունած է սիրով, սակայն չէ կրցած այցելել:
Անոնց հանդիպման լուսանկարը ներկայացուած է Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին եւ Քուպայի` Հեմինկուէյի թանգարանին մէջ եւ այսօր արդէն` «Երեւան» պանդոկին մէջ: Ի դէպ, նշուած համերգին ներկայ եղած են նաեւ երկրի նախագահը` Ֆիտէլ Քասթրօ, նաեւ` Չէ Կեւարա:
Հեմինկուէյ դժբախտաբար ներկայ չէ գտնուած Խաչատուրեանի համերգին, քանի որ պիտի աւարտէր իր գիրքերէն մէկը: Փոխարէնը ներկայ եղած է Հեմինկուէյի կինը` Մերին: Համերգէն ետք գրողը Խաչատուրեանին ուղարկած է փոքրիկ երկտող մը, ուր նշած է, որ այդ երեկոյ երկու հրաշք տեղի ունեցած է Հաւանայի մէջ, առաջինը` Խաչատուրեանի ղեկավարութեամբ բոլորովին այլ ձեւով հնչող Հաւանայի սիմֆոնիք նուագախումբի կատարումը, իսկ երկրորդը` Խաչատուրեանի «Երկրորդ սիմֆոնի»-ի կատարումը:
Միւս լուսանկարը, որ կը զարդարէ Արամ Խաչատուրեանի սենեակին պատը, համաշխարհային շարժանկարի ամենայայտնի դէմքերէն մէկուն` Չարլի Չափլինի հետ կայացած հանդիպումը կը փաստէ:
Արուեստագէտին հետ հանդիպումը կայացած է Խաչատուրեանի` Զուիցերիա այցելութեան ժամանակ, 1965 թուականին, երբ ան հրաւիրուած էր այդ երկիր` որպէս միջազգային մրցոյթի դատակազմի անդամ: Արդէն պատկառելի տարիք ունեցող Չարլի Չափլին այդ ժամանակ ապրած է քիչ մը մեկուսացած, Ժընեւէն դուրս գտնուող իր առանձնատան մէջ եւ շատ հազուադէպ հիւրեր ընդունած է: Արամ Խաչատուրեան փափաք յայտնած էր տեսնել արուեստագէտը: Չափլին մայեսթրոն իր կնոջ եւ որդիին` Կարէնին հետ սիրով հիւրընկալած է իր առանձնատան մէջ: Անոնք քանի մը ժամ տեւողութեամբ զրոյց ունեցած են: Չափլին Արամ Խաչատուրեանը հրաւիրած է իր առանձնասենեակը, բացած` պահարաններէն մէկը, ուր դրուած է Խաչատուրեանի «Ջութակի քոնչերթօ»-ի ձայնապնակը եւ` ըսած, որ ան իր ամենասիրելի ստեղծագործութիւններէն մէկն է, զոր յաճախ կ՛ունկնդրէ աշխատելու ատեն: Ինչպէս յայտնի է, Չափլինի ժապաւէններուն մէջ ալ յաճախ հնչած են Չափլինի ստեղծած մեղեդիները: Մեծ կատակերգակը փորձած է մօտենալ դաշնամուրին եւ ներկայացնել իր ստեղծագործութիւններէն փոքր հատուած մը, բայց վերջին պահուն չէ համարձակած` ըսելով, որ յուզուած է եւ չի կրնար մեծ մայեսթրոյին մօտ հնչեցնել իր երաժշտութիւնը:
Շրջագայութեան աւարտին Արամ Խաչատուրեանը առողջական խնդիրներու պատճառով տեղափոխած են հիւանդանոց: Չափլին, լսելով այդ մասին, փոքրիկ երկտող մը եւ վարդերու գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը ուղարկած է` մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում: Մեծ կատակերգուին այս նախաձեռնութիւնն ու նուէրը կարեւոր նկատելով` Խաչատուրեան այդ ծաղկեփունջը բերած է Մոսկուայի իր տունը եւ` դրած դաշնամուրին վրայ, իր աչքին առջեւ, եւ մինչեւ կեանքին վերջը այդ չորցած ծաղկեփունջը մնացած է այնտեղ:
Խաչատուրեան-Չափլին նշանաւոր հանդիպման մասին կը վկայեն հետաքրքրական լուսանկարները, որոնք կը պահպանուին Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի պահոցին եւ ցուցասրահներուն մէջ: «Երեւան» պանդոկի այցելուները նոյնպէս հնարաւորութիւն ունին տեսնելու այդ պատկերը:
Արամ Խաչատուրեան միաժամանակ եղած է Խորհրդային Միութեան առաջին քաղաքացին, որ հանդիպած է Հռոմի Յովհաննէս 23-րդ պապին` 1963-ին, Վատիկանի մէջ: Այդ պատմական հանդիպման լուսանկարը նոյնպէս կը զարդարէ պանդոկի սենեակին պատը:
Պանդոկին Մէջ Այլ Հիւրեր
«Երեւան» պանդոկի առաջին հիւրը եղած է ռուս գրող, քննադատ Անտրէյ Պելի: Պանդոկը այդ ժամանակ անաւարտ էր: Ռուս յայտնի գրողը Հայաստան այցելած է երկու անգամ եւ այդ երկու անգամներն ալ իջեւանած է «Երեւան» պանդոկին մէջ:
1928 թուականին այս պանդոկին մէջ իջեւանած է ռուսական կերպարուեստի նշանաւոր դէմք նկատուող գեղանկարիչ Կէորկի Եաքուլով, որ հայ էր` Գէորգ Եաքուլեան:
1928 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Երեւան վերադարձած է նկարիչ, հասարակական գործիչ Փանոս Թերլեմեզեան, որուն յատկացուած է պանդոկի ընդարձակ սենեակներէն մէկը, որ նկարիչը վերածած է արուեստանոց-ցուցասրահի:
Ծանօթ է, որ 1935 թուականին, Հայաստան իր այցին ժամանակ, ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեան նոյնպէս հանգրուանած է «Երեւան» պանդոկին մէջ: Գրողին 110-ամեակին առթիւ «Երեւան» պանդոկը ցուցահանդէս մը կազմակերպած էր պանդոկին ներսը, իսկ մուտքին ցուցադրած էր Սարոյեանի հեծանիւը, որ կը պահուի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ:
Ֆրանսացի ովկիանոսագէտ, ճանապարհորդ Իվ Քուսթօ նոյնպէս Երեւանի մէջ իջեւանած է այս պանդոկը: Հոս զանազան տարիներ հանգրուանած են` ֆրանսացի լեզուաբան Անտրէ Օտրիքուր, «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի թղթակիցներ Ուոլթըր Տիւրանթի եւ Ա. Տաուսըն (1934 թուական), «Տը Նէյշընըլ» թերթի թղթակից Լուի Ֆիշըր, անգլիացի հնագէտ Ռիչմըն Պրոուըն, Ժան Ռիշար Պլոք (Ֆրանսա), Ճոն Պոյտըն Փրիստլի (Անգլիա), Ժորժի Ամատուն (Պրազիլ):
Պանդոկի հիւրերէն եղած են նաեւ` արեւելագէտ, հասարակական գործիչ Յովսէփ Օրբէլի, իտալացի աշխարհահռչակ երաժիշտ Ռիքարտօ Մութթի եւ «Լա Սքալա»-ի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, սպանացի օփերայի երգիչ, խմբավար Փլասիտօ Տոմինկօ, իտալացի երգիչ Անտրէա Պոչելլի, Վիեննայի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, Լոնտոնի Թագաւորական ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, ծագումով թուրք գերմանացի բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքըն, իտալա-թունուզցի դերասանուհի Քլոտիա Քարտինալէ, իրանցի բեմադրիչ Ապպաս Քիառոստամի, ֆրանսացի դերասանուհի Ֆանի Արտան եւ այլք:
Պանդոկին մէջ հանգրուանած են `1932-1945 թուականներուն կաթողիկոսական ընտրութիւններու համար Երեւան ժամանած պատուիրակութիւնները, 1939 թուականին «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպի 1000-ամեակի տօնակատարութեան հիւրերը, 1946 թուականին Հայաստանի Գրողներու միութեան երկրորդ համագումարի արտասահմանեան պատուիրակները, 1953 թուականին Ստալինի թաղման մասնակցելու համար Մոսկուա մեկնող թուրք դիւանագէտներու պատուիրակութիւնը, 2001 թուականին քրիստոնէութեան ընդունման 1700-ամեակի տօնակատարութեան բարձրաստիճան հոգեւորականները, թագաւորական ընտանիքի ներկայացուցիչներ, քաղաքական գործիչներ եւ այլ մեծ իրադարձութիւններու մասնակիցներ:
«Ժամանակ»