Յարգելի հայրենակիցներ,
6 Յունիս 2023-ին կը լրանայ Արամ Խաչատրեանի Ծննդեան 120-աﬔակը։
Որպէս աշխարհի ﬔծագոյն կոմպոզիտորներէն մէկը, Խաչատրեանի ստեղծագործ@թիւնները
պիտի հնչեն աշխարհի բազմաթիւ հռչակաւոր հաﬔրգասրահներուն մէջ ﬕնչև 2023 տարուան
աւարտը։
Այս առիթով, Երևանի «Արամ Խաչատրեան Թանգարան»ի տնօրէնութիւնը նպատակադրած է
իրագործել շարք մը կարևոր ծրագրեր։ Դժբախտաբար, թանգարանը հարկ եղած նիւթական
ﬕջոցները չունի, իր առաջադրութիւնը ամբողջութեամբ իրագործելու համար։
Ուստի՝ որպէս Արամ Խաչատրեանի մտերիմ բարեկաﬓերէն մէկը, թանգարանի տնօրէնութեան
արտօնութեամբ, ձեզի կը ղրկեմ այս կոչը, խնդրելով, որ եթէ հնարաւոր է, նուիրատւութեամբ մը
օգնէք թանգարանին, որպէսը ծրագրուած ﬕջոցառուﬓեր իրագործէ բարձր մակարդակով։
Հայ ժողովուրդը Խաչատրեանով հպարտացած է անցեալ, կը հպարտանայ այսօր և պիտի
շարունակէ հպարտանալ ապագային։ Ժամանակն է որ ՄԵԾ ՎԱՐՊԵՏԻ 120-ԱՄԵԱԿին առիթով,
ﬔր կարելիութեան սահմաններուն մէջ նուիրատւութեամբ մը օգնենք «Արամ Խաչատրեան
Թանգարան»ի տնօրինութեան բարձրագոյն մակարդակով աշխարհին ներկայացնելու « Գայիանէ»ի
հանճարեղ հեղինակին ստեղծագործ@թիւնները։
Կից կը ղրկեմ՝
1. Խաչատրեան Թանգարանի դրամատան հաշուի մանրամասն@թիւնները։
2. Հայաստանի Հանրային Ռատիոյի «Վերնատուն» ծրագրով ձայնասփռուած Օֆելիա Ասատրեանի
հաղորդումը, ն@իր@ած խաչատրեանական իմ յուշերուս։
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ և յարգանքներով՝
Ասատուր Կիւզելեան
Լոնտոն, Մայիս 2023
ARAM KHACHATURIAN HOUSE-MUSEUM BANK ACCOUNT
Account Holder =Aram Khachaturian House-Museum- SNC
Bank =Central Bank of the Republic of Armenia
Account Number =900018001488
BIC/SWIFT Code =CBRAAM22
Corresponding bank for payment in EURO
Commerzbank AG, Frankfurt
SWIFT Code: COBADEFF
Corresponding bank for payment in US Dollars
JPMorgan Chase Bank, NA, New York
SWIFT code: CHASUS33