«Այսօր մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք մեր նորագոյն պատմութեան հերոսներէն Արամ Մանուկեանի յիշատակին, մարդ, որ մարմնացումն է հայոց պետականութեան գաղափարի, հայ բազուկի ամրութեան, հայի գաղափարի պաշտանմունքին, հայրենիքի հանդէպ սիրոյ»։Այս մասին այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի շիրիմին մօտ յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան:
«Արամ Մանուկեանի պատգամով, անոր էութեամբ սերունդներ սնած են և մեզի համար ուրախութիւն է, որ իր շուրջը հաւաքուած իր ներշնչած սերունդներու, ՀՅԴ յաջորդ ղեկավարներու շիրիմները` ընկեր Հրայրի, Խաժակի, Վահանի:
Մանուկեանի դրած հիմնաքարերով մենք պետք է շարունակենք մեր պայքարը յանուն հայրենիքի, յանուն անկախութեան, յանուն մեր հողային ամբողջականութեան և Արցախի ազատագրումի», – նշեց Յակոբ Տէր_Խաչատուրեան։