Ռուբէն Տիրարեան (Դամբանական խօսքէն հատուածներ, 1988, 18 Հոկտեմբեր):
Աշնանային արտասուող երկինքին տակ, սեւ հողին կը յանձնենք մեր բոլորին սիրելի Արամ Մատոյեանը: Արամը, եղաւ օրինակելի եւ տիպար հայր մը: Իր զաւակներուն ապագային համար յանձն առած իր զոհողութիւններու օրինակով, նուիրագործեց հայրութեան գաղափարը…: Կուսակցական կեանքէն ներս, հայ եւ արաբ գաղափարակից ընկերներու հետ կը լծուի դասակարգային պայքարի: Կը մասնակցի ցոյցերու, կը հալածուի , կ`աքսորուի եւ բազմիցս կը բանտարկուի` քաւելու համար իր “մեղք”ը հայրենասիրութիւնն ու իր սրբազան գաղափարաբանութիւնը: Մեծ է Արամին ծառայութիւնը հայկական-ազգային շրջանակներէն ներս: Անոր եւ քանի մը “վսեմ խենթերու” ջանքերով հիմը կը դրուի Ազգային Մշակութային Միութեան: Աւելին, 1967-ի Սեպտեմբերին , երբ Սուրիահայ Վարժարանները փակուելու ահաւոր վտանգը կը դիմագրաւէին, օրուան իշխանութիւնները կ`արգիլէին հայոց լեզուի դասաւանդութիւնը: Այդ օրերուն որպէս ճակատի ատենապետ, անարժանս գիտէ, սակաւաթիւ ուրիշներու հետ, թէ որքան մեծ եղաւ Արամին դերը` Հայ դպրոցը եւ հայոց լեզուն փրկելու դժուարին աշխատանքին մէջ: Չկա’յ հայրենասէր Արամը այսօր: Մեռաւ մեր բոլորին սիրելի եւ համակրելի Արամ Մատոյեանը: Արամին յիշատակը պիտի ապրի իր ընկերներուն եւ բարեկամներուն հոգիին ու սրտին մէջ: Յարգա~նք իր խնկելի յիշատակին:
Յ.Գ. Հայ եւ Արաբ մտաւորականներու գրութիւնները լոյս պիտի տեսնեն “Հայր եւ Հայրենիք” գիրքիս մէջ: Յիշատակելի են Թորոս Թորանեանի եւ Յակոբ Ալեքսանեանի յօդուածները: