ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 16 Դեկտեմբերին, ուղերձով դիմեց ժողովուրդին՝ հաստատելով, որ որոշած է հրաժարիլ Ազատ հայրենիք կուսակցութեան նախագահի պաշտօնէն, որպէսզի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին վրայ կարենայ գործել եւ ընկալուիլ իբրեւ պետութեան վերկուսակցական գլուխ, իբրեւ ընդունելի մէկը՝ յատկապէս ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ համախմբող։
Ան նշեց, որ պատրաստ է հրաժարական ներկայացնելու հանրապետութեան նախագահի պաշտօնէն առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային, երբ հանրապետութիւնը ներքին եւ արտաքին պայմաններու ու սահմանադրական կարգաւորումներու առումով պատրաստ ըլլայ պատշաճօրէն ու արժանապատուօրէն յաղթահարելու նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու ծանր դժուարութիւնները: Ան աւելցուց, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի հաստատէ կառավարութեան նոր կառուցուածքը` բարելաւելով տարբեր գերատեսչութիւններ, որպէսզի կարելի ըլլայ բարձրացնել անոնց աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը եւ խնայել հանրային միջոցներ: «Հաստատելու եմ նաեւ կառավարութեան նոր կազմը` կատարելով նշանակալի կադրային փոփոխութիւններ, այդ թւում` ուժային կառոյցներում», յայտնեց ան։
Յարութիւնեան արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր ուղղութիւնը նկատեց Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովումը՝ նաեւ քաղաքական գործիքակազմով: Ըստ անոր՝ Արցախի ու Հայաստանի հանրապետութիւններու արտաքին քաղաքական ամբողջ ներուժը խելացի ու հետեւողական կերպով պէտք է սպասարկէ այդ առաջնահերթ նպատակի իրագործման` ապահովելով կայուն, տեւական եւ արժանապատիւ անվտանգ միջավայր սեփական հայրենիքին մէջ ապրելու համար:
«Մի կողմից ունենք պատերազմի հետեւանքով շուրջ երկուսուկէս անգամ երկարած շփման գիծ ադրբեջանական կողմի հետ, կոնկրետ հատուածներում անմիջական մօտեցում մեր որոշ բնակավայրերի եւ խիստ սահմանափակուած` Մայր Հայաստանի հետ հաղորդակցութեան միջոցներ, միւս կողմից ունենք սուղ մարդկային ու տեխնիկական միջոցներ եւ սահմանափակ ժամանակ նոր առաջնագիծն ամրացնելու համար, իսկ երրորդ կողմից ունենք ողջ հայ ժողովրդի ու Հայաստանի Հանրապետութեան շարունակական աջակցութեամբ եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի ներկայութեամբ պայմանաւորուած անվտանգութեան երաշխիքները», ըսաւ Յարութիւնեան:
Ան դիտել տուաւ, որ ներկայիս Արցախի իշխանութիւնները կարելի ամէն ինչ կ՛ընեն լիազօրութիւններու եւ կարողութիւններու սահմաններուն մէջ ապահովութեան մարտահրաւէրներու չէզոքացման ու անորոշութիւններու յստակացման ուղղութեամբ, որոնց մէկ մասը կախեալ է նաեւ բարձրագոյն մակարդակի միջազգային բանակցութիւններու արդիւնքներէն:
Արայիկ Յարութիւնեան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ իր մնայուն սադրիչ վարքագիծը, որուն ցցուն օրինակներէն են վերջին օրերուն անոնց գործողութիւնները Խծաբերդի ու Բերդաձորի հատուածներուն մէջ: «Ցաւօք, Խծաբերդի ուղղութեամբ մեր մի քանի տասնեակ զինծառայողներ գերի են ընկել ադրբեջանական կողմին, եւ այժմ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պարզում է բոլոր հանգամանքները: Ես անձամբ հետեւողական եմ լինելու, որ այս միջադէպի մեղաւորները ենթարկուեն իրաւական պատասխանատուութեան: Նրանց արագ ու անվտանգ վերադարձը հայրենիք պէտք է լինի բոլորիս առաջիկայ ջանքերի կիզակէտում, եւ արդէն իսկ քայլեր ենք ձեռնարկում այդ ուղղութեամբ», յայտնեց: