Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան համոզուած է, որ քանի մը օրերու ընթացքին ծունկի պիտի գայ ազերի թշնամին:
«Օմարէն մինչեւ Արաքս բոլոր ուղղութիւններով կը յարձակին, հարիւրաւոր հրասայլերով: Բայց այս երկու օրուան ընթացքին կորսնցուցած են տասնեակ, եթէ ոչ հարիւրի հասնող հրասայլեր: Քանի մը դիրք վերցուցած են: Բոլորդ փորձառու էք կը հասկնաք ինչ կը նշանակէ դիրք տալը, կու տանք եւ կը վերցնենք, բայց վերջաւորութեան երբ վերցնենք, ալ չենք տար: Սա մեր վերջին ամենապատասխանատու ճակատամարտը պիտի ըլլայ: Մի քանի օրերու ընթացքին ծունկի պիտի բերենք թշնամիին: Եւ մենք պիտի յաջողինք: Պիտի յաջողինք, որովհետեւ Ձեզի նման հայրենասէրներ ունինք, Ձեզի նման հայրենասէր Արցախի քաղաքացիներ ունինք» ըսաւ Յարութիւնեան: