Ֆրանսական «Le Monde» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ, Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան կասկած յայտնած է, որ Ազրպէյճան չի տրամադրեր հայ ռազմագերիներուն իրական թիւը:
Այվազեան նշած է, թէ հայկական կողմը իր գործընկերներուն հետ կ’աշխատի, յատկապէս՝ Միջազգային Կարմիր Խաչին, որպէսզի ապահովէ գերիներուն անյապաղ վերադարձը: Ան դիտել տուած է, թէ Պաքու կը շահագործէ գերիներուն թղթածրարը: