Աշխատաւորական Համադաշնակցութիւնը արդար օրակարգ մը դրած է կառավարութեան սեղանին վրայª աշխատավարձերու յաւելում: Աշխատավարձերու վերջին յաւելումը կատարուած է 1996-ին: Կառավարական, տնտեսական, աշխատաւորական աղբիւրներ կը ներկայացնեն յաճախ իրար հակասող վիճակագրութիւններ: Սղաճը, սպառողական իրերու սանձարձակ մագլցումը, հսկողութեան բացակայութիւնը, ազատ տնտեսութեան անուան տակ կատարուող չարաշահումները, միջազգային ու շրջանային տնտեսական ցնցումները, ողորմելի կացութեան մը հասցուցած են լիբանանեան տնտեսութիւնը: Սահմանափակ եկամուտներու առկայութիւնը եւ անհաշիւ մսխումները 52 միլիառ տոլար գումարի հասցուցած են երկրին պարտքերը:
Այսօր, Լիբանանի մէջ գոյութիւն չունի, երէկի անոր կայունութեան խորհրդանիշը հանդիսացող միջին դասակարգը£ Այսօր, հարուստը կը հարստանայ, իսկ աղքատը կ’աղքատանայ…: Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս իր բողոքը պիտի արտայայտէ սահմանափակ եկամուտով, ընտանիքին օրապահիկը հոգացող այրը: Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի բողոքէ եթէ գոյութիւն չունի հաշուետուութիւն, երբ արդար բողոքի ձայնը շատ յաճախ անլսելի կը դառնայ քաղաքական նեղ ու խեղճ հաշիւներու բաղնիքին մէջ:
Ինչպէ՞ս լուծել Աշխատաւորական Համադաշնակցութեան պահանջը. անտեսելո՞վ, հեգնելո՞վ, Համադաշնակցութեան ղեկավարներուն միջեւ որոմներ ցանելո՞վ, բնականաբար ոչ:
Սակայն այս բոլորէն անկախ եւ բոլորէն առաջ, ցաւով պէտք է արձանագրել, թէ Լիբանանի մէջ սենտիքայական շարժումները, համամիութիւնները քաղաքականացած են մինչեւ իրենց ողնաշարը եւ հեռացած իրենց կոչումէն ու առաքելութենէն: Դժբախտաբար, իբրեւ քաղաքական ճնշումի գործօն օգտագործուող համադաշնակցութիւնները կորսնցուցած են իրենց երէկի հեղինակութիւնը: Հետեւաբար, իշխանութիւններ շատ յաճախ անտեսած են անոնց պահանջները: Աշխատաւորութեան պահանջները կը պատկանին համայն Լիբանանին, զայն անհրաժեշտ է հեռու պահել քաղաքական դաշտէն:
Աշխատաւորական Համադաշնակցութիւնը երէկ, այսօր, վաղն ալ պիտի ներկայացնէ ամսականներու յաւելումի պահանջ: Լոկ ամսականներու յաւելման որոշում մը, արդեօ՞ք բաւարար դարման մըն է գոյութիւն ունեցող տագնապին: Ինքնաբերաբարª ոչ: Բայց ցաւալին այն է, որ իշխանութիւնները միայն գործադուլի սպառնալիքներու, ամսականներու յաւելումի պահանջներուն ընթացքին կը յիշատակեն իրենցմէ ակնկալուած քայլերը, մէկ խօսքովª իրենց պարտաւորութիւնները: Հատուածական հարց մը չէ այս, ոչ ալ քաղաքական հոսանքի մը մտահոգութիւնը:
Կոչ կþուղղենք իշխանութիւններուն արդար եւ համապատասխան լուծում գտնելու Աշխատաւորական Համադաշնակցութեան պահանջներուն:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com