ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Միջազգային, տարածաշրջանային եւ լիբանանեան իրադարձութիւններու քաղաքական ընթերցումը որոշ զուգահեռներ եւ կապեր կը նկատէ տարբեր մակարդակներու վրայ:
Վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններու թուականի ճշդումը այս պարագային պարզ սահմանադրական ընթացակարգի յարգումի փուլ չէ: Կը թուի, որ համոզիչ է գործող վարչապետին նշանակումը: Այս ինքնին կ՛ենթադրէ ո՛չ միայն համալիբանանեան ընդհանուր համախոհութիւն, այլ նաեւ առնչուած պետութիւններու ընդհանուր համաձայնութիւն վարչապետի անձին շուրջ: Վարչապետին հիմնական գործառոյթն ու առաքելութիւնը ուրեմն լիբանանեան նաւը ո՛չ միայն խորհրդարանական ընտրութիւններու նաւահանգիստ հասցնելն էր, այլ նոր նաւարկումի համար նոր կառավարական անձնակազմով ուղեւորութեան մը պատասխանատուութիւնը ստանձնելը:
Համեմատական այս կայունութեան կամ վարչապետի անձին շուրջ ընդհանուր համաձայնութեան երեւոյթին զուգահեռ կայ աշխուժութիւն` ծովային սահմանազատման գործընթացին թափ հաղորդելու: Ամերիկեան միջնորդութեամբ, մագոգային հանդիպումներով, Պէյրութի եւ Թէլ Աւիւի միջեւ առաջարկներու փոխանակման առաքելութիւնը ստանձնելով Ուաշինկթընը պարզ կը դարձնէ, որ հետամուտ է այս խնդիրի եթէ ոչ անմիջական լուծման, այնուամենայնիւ բանակցային գործընթացը աշխատեցնելուն:
Գնդակը իսրայէլեան դաշտին մէջ կը գտնուի այս առումով: Պաշտօնական Պէյրութը իր փոխզիջողական առաջարկը կատարած է, եւ Թել Աւիւէն կը սպասուի պատասխան: Բնականաբար այդ պատասխանը միայն չափաբաժինի իրաւունքի ճշդումին չի վերաբերիր եւ կը տարածուի տարածաշրջանին վրայ: Երաշխիքներ` Իրանէն հիւլէական սպառնալիքները չէզոքացնելու, ինչ որ ուղղակիօրէն կը կապուի Ուաշինկթըն-Թեհրան միջուկային բանակցութիւններուն: Այդ մասին համեմատաբար լաւատեսական յայտարարութիւններ կը հնչեն` արդիւնաւորման եւ կարեւոր քայլերով առաջ երթալու առումով:
Գործընթացի արագացումը ունի նաեւ քաղաքական այլ շարժառիթ: Ուքրանիոյ պատերազմին իբրեւ հետեւանք Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներէն ամէնէն ցաւոտն ու ազդեցիկը կազի դէպի Եւրոպա արտահանման կասեցումը կրնայ ըլլալ: Մինչ այժմ Եւրոպան կը շարունակէ կազի վաճառքը Ռուսիայէն: Հիմա պէտք են այլընտրանքային շուկաներ, որոնցմէ մէկը Արեւելեան Միջերկրականն է: Արեւելեան Միջերկրականէն կազի արտահանումը տեսականօրէն կը հարուածէ ռուսական ուժանիւթային արդիւնաբերութիւնը` կարեւոր այլընտրանք հանդիսանալով:
Բայց այսքան պարզ չէ այս վարկածին իրականացումը: Ռուսիան ներկայ է Արեւելեան Միջերկրականին մէջ, յատկապէս սուրիական ծովուն տիրապետումով եւ բնականաբար մասնաբաժին պահանջելու առումով համասեփականատէր է Միջերկրականի ընդծովեայ ուժանիւթի թէ՛ պեղման, թէ՛ հորատման եւ թէ՛ շահարկման գործարքներուն:
Իրանեան գործօնի ներկայութեան եւ Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններուն ունենալիք ազդեցութեան նկատառման համար կարեւոր հիմնաւորում է ֆրանսական դիւանագիտութեան մէկ աղբիւրին հրապարակած տեղեկութիւնը, թէ Ֆրանսայի ներկայացուցիչները կը հանդիպին Հըզպալլայի պատասխանատուներուն հետ եւ թէ` Հըզպալլան ներկայ է ծովային սահմանագծման բանակցութիւններուն:
Որեւէ հակամարտութեան պարագային բանակցային կարեւոր փուլի նախօրեակին կը սաստկանան ռազմական գործողութիւնները. գործնական այս համատարած օրինակը կը մեկնաբանուի բանակցային դիրքերը վերաամրացնելու շարժառիթով: Լիբանանի նկատմամբ քանդիչ պատերազմ խոստանալէ ետք Թել Աւիւ կը ռմբակոծէ Կազան:
Մինչ, Լիբանանը, տարածաշրջանն ու միջազգային հանրութիւնը կը սպասեն ծովային սահմանագծման առումով Իսրայէլի պատասխանին: