Տեսակէտ
Թուրքիան ստեղծողներու մէկ մասը՝ մասնակից էր Հայոց Ցեղասպանութեան, միւս մասն ալ հարստացաւ՝ Հայոց ունեցուածքը թալանելով։
ԹԱՆԷՐ ԱՔՉԱՄ
Եթէ 1915 թուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործուած չըլլար, այժմ՝ 15 միլիոն հայ կ՚ապրէր իր բնօրրանին մէջ։
ՌԵՃԵՓ ԶԱՐԱԿՈԼՈՒ
Մեր քննադատութեանց հիմքը այն է, որ լրջօրէն կը կարծենք, թէ Ֆրանսացիք Կիլիկիա եկած են մեզ համար…։
ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ
Արեւմուտքը, ԱՄՆ–ը եւ Եւրոպան, երբ թեւակոխեցին Կապիտալիզմի զարգացման գերագոյն հանգրուան, 20-րդ դարու սկիզբին, որ կը կոչուի Իմփերիալիզմի հանգրուան, արդիւնաբերութիւնը, մարդոց ջարդերն ու քաղաքներու քանդումը ստացան զանգուածային ծաւալներ (Կապիտալիզմի՝ mass destruction), որոնց շարքին՝ զանգուածային մարդասպանութիւնը կոչուեցաւ Ցեղասպանութիւն։ Բրիտանացի մեծանուն պատմաբան Առնոլտ Թոյնպի, ափսոսանքով վկայեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հետեւանքն էր 20-րդ դարի սկիզբին, աշխարհի աննախընթաց անմարդկայնացումին, եւ «մենք ստիպուեցանք շինելու Genocide եզրը…»։
Այս անմարդկայնացած Արեւմուտքը՝ ոչ միայն սառնարիւն ձեռնպահութեամբ սոսկ դիտեց Մեծ Եղեռնը, այլեւ՝ մեղսակից եղաւ, զայդ գործող Թուրքիոյ՝ ոչ միայն ստեղծումին… այլեւ՝ ուղղակիօրէն, Ցեղասպանութեան, Արեւմտահայոց հայրենազրկումին եւ անոնց ունեցուածքին թալանին…։
Այս պատմական սահմռկեցուցիչ ճշմարտութիւնը հաստատած է պատմաբան Թանէր Աքչամ, հետեւեալ խիտ բառերով. «Թուրքիոյ ներկայ հանրապետութեան (ստեղծումին) նախապայմանը՝ ամբողջ ժողովուրդի մը բնաջնջումը (եւ հայրենազրկումը) եղաւ։ Այս պետութիւնը ստեղծողներու մէկ մասը՝ ուղղակիօրէն կը մասնակցէր Հայոց կոտորածներուն (Գերմանիա եւ Սիոնիզմ), միւս մասն ալ (Բրիտանիա եւ Ֆրանսա) հարստացած էր Հայոց ունեցուածքը թալանելով։ Երկիր մը, որ պատմականօրէն ստեղծուեր է ամբողջ ժողովուրդի մը բնաջնջումով (Արեւմտահայաստանի հայաթափումով) անշուշտ թէ կրնայ հանդուրժել, որ իր (զաւթած) տարածքին վրայ ազատ գոյակցին ազգային տարբեր փոքրամասնութիւններ (Հայ, Քիւրտ, Յոյն, Ասորի ազգեր՝ իբր «փոքրամասնութիւն»ներ…)։ Ահա, պատմական այս ճշմարտութեան հետեւանքով է, որ մենք (թուրքերս) այսօր՝ զուրկ ենք քաղաքական արդարութենէ եւ դատապարտուած ենք բարբարոսի խարանը կրելու մեր ճակտին…»։
Թանէր Աքչամի հաստատած այս պատմական ճշմարտութեան փաստարկութիւնը պիտի ըլլայ ներկայ գրութեան առարկան։
Բայց նախ՝ երկու ուշագրաւ եւ կարեւոր վկայութիւններ.
Թուրք հրատարակիչ Ռեճեփ Զարակոլու կ՚ըսէ. «Եթէ 1915 թուին Հայոց Ցեղասպանութիւնը չսանձազերծուեր, այժմ՝ մօտ 15 ՄԻԼԻՈՆ ՀԱՅ Կ՚ԱՊՐԷՐ ԻՐ ԲՆՕՐՐԱՆԻՆ ՄԷՋ։ Ցեղասպանութիւնը վերացուցած է ոչ միայն ԱՊՐՈՂՆԵՐԸ, այլեւ անոնք՝ ՈՐՈՆՔ ՊԻՏԻ ԾՆԷԻՆ…։ Ատիկա միաժամանակ ՈՉՆՉԱՑՈՒՑԱԾ Է ՄՇԱԿՈՅԹԸ ՀԱՅՈՑ»։
Իսկ Զապէլ Եսայեան խստօրէն կը դատապարտէ Արեւմուտքի հանդէպ մեր ցուցաբերած ստրկամտութիւնը, երբ կ՚ըսէ. «Մեր բոլոր քննադատութեանց եւ դժգոհութեանց ՀԻՄՔԸ ԱՅՆ Է, որ լրջօրէն ԿԸ ԿԱՐԾԵՆՔ, թէ Ֆրանսացիք Կիլիկիա եկած են ՄԵԶ ՀԱՄԱՐ, եւ թէ ուրեմն, մենք շնորհակալ պէտք է ըլլանք, մեզ համար անոնց եկած ըլլալուն, եւ հետեւաբար, ՊԱՐՏԻՆՔ ԾԱՌԱՅԵԼ ԻՐԵՆՑ՝ իրե՛նց ցանկացած եւ իրե՛նց դատած եղանակովը…»։
Այսպիսի՛ ստրկամտութիւն ցուցաբերած է նոյնիսկ Հայկական «յեղափոխական» ըլլալ յաւակնող կուսակցութիւն մը, որ իշխանական աթոռին հասնելու… եւ՝ անկէ հարկադրաբար իջնելէ ետք՝ անոր վերադառնալու համար, թշնամիին հետ ստորագրած է երկու ստրկական դաշնագրեր…։ Ստրկամտութիւնը հետեւանքն է անկարողութեան եւ ասոր իբր հետեւանք՝ ուրիշին հանդէպ, նոյնիսկ թշնամիին, ապաւինելու անչափահասութեան… եւ վերջին հաշուով՝ ՊԱՅՔԱՐԵԼԷ խուսափողութեան, պատերազմելու անպատրաստակամութեան։
Մեր Պատմահայրը՝ Խորենացին, իր «ՈՂԲ»ին մէջ գանգատած է նաեւ մեր այս ախտէն։ Ան գրած է. «Ողբամ զքեզ Հայոց աշխարհ… քանզի գոյ չէ այն խորհրդատուն, որ քեզ խրատէր եւ՝ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՊԱՏՐԱՍՏԷՐ…»։
Իսկ ստրկամտութեան հակառակն է՝ ազատասիրութիւնը…։ Լուրջ եւ իրա՛ւ ազատասիրութիւնը… եւ ո՛չ թէ՝ քաջնազարութիւնը, կամ՝ փանջունիութիւնը…։
Եւ Եւրոպական Վերածնունդի հանճարներէն՝ Տանթէ Ալլեկիերին կը մատնանշէ, թէ՝ Ազատութիւնը թանկ նկատողը, պատրաստ պէտք է ըլլայ՝ անոր համար իր կեանքը զոհելու (տես՝ Dante, “Purgatorio” canto I)։ Այսինքն՝ պատերազմելու, կամ գէթ՝ պայքարելու։
Պատմական հրամայական է որ մենք պայքարինք՝ ոչ միայն թշնամի Թուրքիոյ, այլեւ անոր մեղսակից Արեւմուտքի իմփերիալիստ տէրութիւններուն դէմ, որոնց մէջ նորեկը՝ Գայզերական Գերմանիան էր, որ ուղղակիօրէն մասնակցեցաւ Մեծ Եղեռնին, իսկ հիները՝ Բրիտանիան եւ Ֆրանսան, Մեծ Եղեռնէն հարստացան Հայոց ունեցուածքը թալանելով, եւ փաստօրէն՝ իրենք եւ ԱՄՆ–ը ստեղծեցին «Թուրքիա» կոչուած տարատնկեալ պետութիւնը, սառնասրտօրէն ձեռնպահ դիտելէ ետք Մեծ Եղեռնը, իրենց նիւթական շահերը գերազանց նկատելով Հայ ժողովուրդին, եւ իրենց իսկ արժանապատւութենէն։
Այս պատմական ճշմարտութեան փաստե՞րը…
1 – Լոզանի Դաշնագրով (1923) ստեղծուած տարատնկեալ Թուրքիան, որ կը հակասէր Սեւրի Դաշնագրին (1920), միջազգային իրաւարար Borel-ի կողմէ իրաւականօրէն բնութագրուեցաւ իբր «Նախկին Օսմանեան Կայսրութեան իրաւական անձնաւորութիւնը շարունակող պետութիւն»։ Ուրեմն, պատասխանատուն է Օսմանեան Կայսրութեան բոլոր արարքներուն, պարտքերուն եւ ոճիրներուն…։
2 – Այս տարատնկեալ, շինծու պետութիւնը իրաւական հիմք մը չունի՝ զաւթած պահելու Արեւմտահայաստանը եւ Կիլիկիան։ Հայերը երեք հազար տարի (մինչեւ 1915) բնիկ ժողովուրդն էին այս հողերուն։ Օսմանցիները 15-րդ դարուն միայն եկան Կեդրոնական Ասիայէն, որպէս եկուոր գրաւողներ, այս հողերը գրաւելով նախորդ գրաւող Բիւզանդիոնէն, ոչ՝ հայերէն։ Միջազգային Հանրային Իրաւունքը կ՚ըսէ. «Անվաւերէն իրաւունք չի ծնիր» (Ex turpi causa onoritur actio)։
3 – Այս տարատնկեալ պետութիւնը չի կրնար յաւակնիլ «գրաւողի իրաւունք» մը, քանի որ Միջազգային Հանրային Իրաւունքը չի ճանչնար այդպիսի իրաւունք, որ նախ կը հակասէ ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքին, որ բոլոր բոլորին պարտադիր (erga omnes) իրաւունք մըն է, եւ յետոյ՝ այն հիմնական իրաւասկզբունքին հիման վրայ, որ կ՚ըսէր. «Ան որ արդար իրաւունք կը պահանջէ, անոր ձեռքերը մաքուր պէտք է ըլլան…»։
4 – Այս տարատնկեալ պետութիւնը չի կրնար յաւակնիլ, թէ՝ տիրացած է Արեւմտահայաստանին եւ Կիլիկիոյ՝ խաղաղութեան դաշնագրեր կնքելով Արեւմտահայութեան հետ։ 1969 թուի Վիեննայի Համաձայնութեան Յօդ. 53-րդը կ՚ըսէ. «Այն դաշնագրերը, որոնք կը խախտեն Միջազգային Հանրային Իրաւունքի կտրական սկզբունք մը, անվաւեր են ստորագրութեան պահին իսկ»։ Ազգերու Լիկայի հաստատման օրէն, Միջազգային Հանրային Իրաւունքը կտրական սկզբունք նկատեց ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, որ պարտադիր ուժ ունի բոլոր բոլորին դէմ (erga omnes)։ Պատերազմի միջոցով հզօր պետութեան կողմէ տկար պետութեան պարտադրած դաշնագիրը կը խախտէ այս կտրական սկզբունքը։
Բայց արդէն՝ այս տարատնկեալ պետութիւնը ոչ մէկ դաշնագիր կրնար կնքել Արեւմտահայութեան հետ, որ հպատակն էր Օսմանեան Կայսրութեան։ Իսկ Օսմանեան Կայսրութիւնը Արեւելահայաստանին միայն պարտադրած է երկու դաշնագրեր՝ Պաթումի (1918) եւ Ալեքսանդրապոլի (2 Դեկտեմբեր 1920)։ Առաջինը՝ պատերազմի ճնշումով, իսկ երկրորդը՝ Արեւելահայաստանի այն իշխանութեան հետ, որ արդէն երկրի իշխանութենէն հրաժարած էր (29 Նոյեմբեր 1920) երեք օրեր առաջ։ Ուրեմն, երկուքն ալ անվաւեր։
5 – Բրիտանիոյ եւ Գայզերական Գերմանիոյ հայադաւ գործը՝ երբ 1878-ին, յաղթական Ռուսաստանի Օսմանեան Կայսրութեան պարտադրած Սան–Սթեֆանոյի Դաշնագրի ռուսանպաստ եւ հայանպաստ Յօդ. 16-րդը, գլխիվայր շրջեցին Պերլինի Դաշնագրի ռուսավնաս եւ հայավնաս Յօդ. 61-րդի…։ (Պատմականօրէն՝ հակառուսականն ու ռուսավնասը՝ միաժամանակ եղած է հակահայկական եւ հայավնաս, քանի որ Փանթուրքիզմը՝ միաժամանակ եւ հաւասարապէս, թշնամին է Ռուաստանի եւ Հայաստանի)։
6 – Ա. Աշխարհամարտին, Գայզերական Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Տարագրութեան, նպաստելով իրեն դաշնակից Օսմանեան Կայսրութեան Արեւմտահայաստանի արմատական զաւթումին։
7 – Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ չարաշահումը Հայկական Լեգէոնին (որ Պաղեստինի մէջ յաղթանակեց Արարայի Ճակատամարտին, գերմանօ–թրքական զօրքին դէմ, եւ ազատագրեց Կիլիկիան) Հայոց խոստանալով՝ Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ անկախութիւնը։ Սակայն յաղթանակէն ետք, Ֆրանսա նոյնիսկ զինաթափեց Հայկական Լեգէոնը… որ իբր թէ՝ պիտի դառնար կորիզը Հայկական Բանակին… անկախ Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ…։ Եւ ճիշդ այս խոստումի նպատակին համար էր, որ Հայկական Լեգէոնը՝ մեծաթիւ զոհեր տուաւ Արարայի Ճակատամարտին մէջ…։
8 – ԱՄՆ–ի երկերես քաղաքականութիւնը Հայոց նկատմամբ, երբ նախ՝ խոստացաւ Արեւմտահայաստանի անկախութիւնը պաշտպանել Փարիզի (Վերսայլ) Խաղաղութեան Վեհաժողովին, եւ ստանձնել Արեւմտահայաստանի հոգատարութիւնը, եւ սակայն յետոյ՝ ամերիկեան իմփերիալիստ կառավարութիւնը դրժեց իր խոստումը Սիոնական Շարժումի ճնշումով՝ մերժեց ստանձնել Արեւմտահայաստանի հոգատարութիւնը…։ Այս խոստումը տրուած էր ԱՄՆ–ի կողմէ նշանակուած King-Crain անուն Յանձնաժողովին կողմէ, որ ԱՄՆ–ի կառավարութեան կը յանձնարարէր. «Պէտք է ապահովել Հայերուն՝ Արեւմտեան Հայաստանի հաստատ անկախութիւնը, ոչ թէ միայն մեկնելով արդարութեան եւ մարդկայնութեան սկզբունքներէ, այլ որպէսզի վերստին զօրացուցած ըլլանք, Փոքր Ասիոյ մէջ, այն միակ ժողովուրդը, որ կարող է արգիլելու՝ որ Գերմանիան կարողանայ Թուրքիան դարձնել շրջանի տնտեսապէս մենաշնորհեալը…»։
9 – Սեւրի Դաշնագիրը ստորագրող եւ սակայն զայդ չվաւերացնող, այսինքն՝ իրաւագիտական եզրով՝ unperfected (անկատար) ձգող պետութիւնները պատասխանատու են Հայութեան առջեւ, եւ պարտաւոր են հատուցում տալու Հայութեան։ Մասնաւորաբար Բրիտանիան եւ Ֆրանսան, որոնք «անկատար» մնացած Սեւրի այն յօդուածները, որոնք իրենց գաղութարարութեան նպաստաւոր էին… գործադրեցին եւ Միջին Արեւելքի արաբական երկիրները կորզեցին Օսմանեան Պետութենէն եւ գաղութացուցին զանոնք. այսինքն՝ իմփերիալիստական կեղծ բառապաշարով՝ «ընդունեցին ստանձնել անոնց հոգատարութիւնը»։ (Փակագիծի մէջ անցողակի յիշենք որ «անկատար» մնացած Սեւրի մաս մը յօդուածներուն գործադրութիւնը ամբողջին գործադրելիութիւնը կը պահպանէ։ Նաեւ՝ Արեւմտեան Հայաստանի իրաւականօրէն շարունակուող պետութեան Խորհրդարանը վաւերացուց Սեւրի Դաշնագիրը, զայդ ստորագրող պետութեան իբր շարունակութիւնը եղող պետութիւն)։
10 – 1923 թուի Լոզանի Դաշնագիրը խոշոր խախտում մըն է Միջազգային Հանրային Իրաւունքի հիմնական եւ կտրական սկզբունքներուն։
Սեւրը ստորագրած էր Հայաստանի Հանրապետութիւնը առանց զայդ վաւերացնելու։ Լոզանի ժողովին Հայաստան չհրաւիրուեցաւ։ Հետեւաբար, Լոզանը չէր կրնար որեւէ փոփոխութիւն մտցնել Սեւրի Դաշնագրի յօդուածներուն մէջ։ Այդուհանդերձ ոտնակոխեց Հայերու, Քիւրտերու եւ Յոյներու վերաբերեալ բոլոր յօդուածները,– ոչ թէ լոկ անտեսելով զանոնք, այլ հակասելով անոնց՝ ստեղծեց Թուրքիոյ արուեստական, շինծու պետութիւնը։ Մենք տեսանք որ Թանէր Աքչամ կը խօսէր Թուրքիան ստեղծողներուն մասին, Միջազգային Հանրային Իրաւունքը կը պահանջէ որ միջազգային դաշնագրերն ու համաձայնագրերը չհակասեն կտրական սկզբունքներու, որոնց շարքին է ազատ ինքնորոշման իրաւունքի բոլոր բոլորին պարտադիր (erga omnes) սկզբունքը, զոր Լոզանի Դաշնագիրը հակասած է՝ ոտնահարելով Հայերու, Քիւրտերու եւ Յոյներու այդ իրաւունքը։ Նաեւ կը պահանջէ որ զանոնք ստորագրողները ունենան բարի նպատակ կամ բարի կամեցողութիւն… ո՛չ չար կամ նենգ… զոր գործած են Լոզանը ստորագրողները, որոնք այդ պատճառաւ գործած կը համարուին նաեւ՝ իրաւունքի չարաշահումի (abus de droit) յանցագործութիւնը։ (1923 թուին «Թուրքիա» կոչուած շինծու, տարատնկեալ պետութիւնը ստեղծող իմփերիալիստները՝ 1947-ին ստեղծեցին նոյնպէս շինծու, տարատնկեալ «Իսրայէլ»ը։ Այս մասին կը խօսին չորս բազմազգի բանասէրներ, իրենց համահեղինակած հատորին մէջ, որուն վերնագիրն է “A New Critical Approach to the History of Palestine” _ 2019 թ., հրատ. Լոնտոնի Routledge հրատարակչատունէն։ Հոս կան երկու մէջբերումներ՝ Թել–Ավիվի համալսարանի դասախօս հրեայ հակասիոնական Փրոֆ. Շլոմօ Սանտի երկու հատորներէն, մէկը՝ 2008-ին լոյս տեսած “Comment fût Inventé le Peuple Juif?”, միւսը՝ 2018-ին լոյս տեսած՝ “Invention d’une Patrie” (Հայրենիքի Մը Հնարումը), որ մեզի կը յիշեցնէ նոյն իմփերիալիստներուն Ազգերու Լիկայի կողմէ առնուած չորս որոշումները՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան նոր հայրենիք մը՝ «Ազգային Օջախ» մը հնարելու ոճիրը, ինչպէս պիտի տեսնենք քիչ անդին)։
Բնական է որ Սեւրի եւ Լոզանի այսպիսի վարքագիծը ղեկավարող Տէրութիւնները՝ Արեւմուտքի իմփերիալիստներն են, հզօրները, եւ ոչ թէ տկարներ։
11 – Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի գաղութարարները՝ իրենց գրաւած երկիրներուն մէջ, պարտաւոր էին՝ ըստ Միջազգային Հանրային Իրաւունքին, պաշտպանելու տեղւոյն Հայ բնակչութիւնը թրքական ու թաթարական ջարդերէն, բայց չպաշտպանեցին։ Թուրքերը Կիլիկիոյ մէջ (Մարաշ) ջարդեցին 16,000 հայ՝ ֆրանսացի զինուորներու աչքերուն դիմաց։ Թաթարները նոյնքան հայ ջարդեցին Պաքուի մէջ՝ անգլիացի զինուորներու աչքերուն առջեւ։ Եւ թուրքերը, 1922-ին, Իզմիրի հայերն ու յոյները ջարդեցին եւ տարագրեցին՝ Իզմիրի ծովափին գտնուող Դաշնակիցներու նաւատորմին դիմաց։
12 – Դաշնակիցները, գլխաւորաբար բրիտանիացի եւ ֆրանսացի գաղութարարները, կողոպտեցին հայերու ունեցուածքը, զորս Օսմանեան Պետութիւնը թալանած ու բռնագրաւած էր եւ զանոնք պահ դրած, թրքական ոսկիի վերածուած, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ եւ Զուիցերիոյ դրամատուներուն մէջ։ Դաշնակիցները այդ դրամատուներէն գրաւեցին բոլոր թրքական ոսկիները, որոնց մեծագոյն մասը հայերու ունեցուածքն էր։ Այս կողոպուտին մէկ էջը միայն բացայայտուեցաւ, երբ Բրիտանիոյ վարչապետ Ռամսէյ Մաքտոնալտ կազմեց սեղմ քննիչ յանձնախումբ մը՝ նախկին վարչապետ Սթէնլի Պոլտուինէ եւ Ազատական Կուսակցութեան նախագահ Հերպըրթ Ա. Էսքուիթէ, որպէսզի որոշեն թէ՝ ինչ կ՚առաջարկեն գրաւեալ ունեցուածքներու կարգադրութեան համար։ Ասոնք գրած են. «Բրիտանիա պատասխանատու է հայ ժողովուրդին հանդէպ, որուն զոհողութիւնները անհատոյց մնացին։ Մեր կարծիքով, հարկ է գէթ բարոյական հատուցումի կարեւոր գումար մը վճարուի Հայոց՝ մեր կառավարութեան կողմէ…»։ Այս քննիչ զոյգը՝ իր մանրամասն տեղեկագրին մէջ, յիշատակած է հինգ միլիոն թրքական ոսկիի մասին, գրաւուած Պերլինի դրամատուներէն մէկէն, կողքին նշուած՝ մեծագոյն մասը հայկական ունեցուածք է…։
13 – Ազգերու Լիկան առած էր շարք մը որոշումներ՝ «օգնելու» հայ տարագրեալներուն, ունենալու համար «ազգային օջախ» մը… այսինքն՝ «նոր հայրենիք» մը, զոր պիտի տարատնկեն ուրիշ բնիկ ժողովուրդի մը երկրին մէջ… բայց ի՞նչպէս… դարձեալ բնիկ ժողովուրդը ջարդելո՞վ, կամ՝ տարագրելո՞վ…։ Ասիկա՝ միջազգային ոճիր մըն է, զոր անցեալին կ՚ուզէին գործել, երբ հրեաներուն համար կը փնտռէին «հայրենիք» մը…։ Ազգերու Լիկան, իսկ այսօր՝ ՄԱԿ–ը, պարտաւոր են Տարագիր Հայութեան պատմական հայրենիքը ազատագրել։ Այս որոշումները առնուած են 18 Նոյեմբեր 1920-ին, 25 Փետրուար 1921-ին, 21 Սեպտեմբեր 1921-ին եւ 18 Սեպտեմբեր 1922-ին։ Այսինքն՝ Լոզանէն առաջ… ինչ որ կը նշանակէ թէ՝ արդէն մոռցուած է Սեւրը, եւ Ազգերու Լիկան «ազգային օջախ» մը կը փնտռէ Տարագիր Արեւմտահայութեան։ Անշուշտ Ազգերու Լիկայի տիրական ղեկավար ուժերը՝ նոյնինքն Արեւմուտքի իմփերիալիստ Տէրութիւնները, որոնք մոռցած են նաեւ՝ նախագահ Ուիլսոնի Իրաւարար Վճիռը, տրուած 22 Նոյեմբեր 1920-ին…։ Վերեւ յիշուած չորս որոշումներուն երեքը յաջորդած են Ուիլսոնի Վճիռին, հակասած Ուիլսոնի միջազգային իրաւարարութեան, որ կը կրէ նաեւ ԱՄՆ–ի պետական կնիքն ու դրոշմը, ԱՄՆ–ի նախագահի անունին եւ ստորագրութեան կողքին…։
14 – Երեք Դաշնակիցներէն երկուքը՝ Բրիտանիա եւ Ֆրանսա, չգործադրեցին նաեւ 28 Մայիս 1915 թուին Բարձր Դրան յղած իրենց ազդարարագիրը, թէ՝ իրենք պիտի դատեն եւ պատժեն Ցեղասպանութեան եւ Տարագրութեան ղեկավար ոճրագործները։ (Երրորդ դաշնակիցը՝ Ցարական Ռուսաստանը, տապալած էր, իսկ Յեղափոխական Ռուսաստանը՝ 1918 թ. Յունուարին հրատարակեց Արեւմտահայաստանի անկախութեան մասին իր հրամանագիրը)։ Սակայն Բրիտանիա՝ ոչ միայն չգործադրեց իր ալ ստորագրած ազդարարագիրը, այլ՝ ընդհակառակը, 1919-1920 Օսմանեան Դատարանին դատած եւ դատապարտած ու բանտարկած ղեկավար երիտթուրքերէն 102-ը հանեց բանտերէն, զանոնք բանտարկեց Մալթայի կղզիին մէջ, իբր թէ զանոնք դատելու նպատակով, եւ յետոյ՝ սիոնափանթուրք այդ երիտթուրքերը ազատ արձակեց մեծ մասամբ, միւսներուն ալ աչք փակեց, որ փախչին բանտէն, Սիոնական Շարժումին պահանջով, քանի որ այդ օրերուն Շարժումին հովանաւորը Ռոչիլտներու Բրիտանիան էր։ (Բ. Աշխարհամարտէն յետոյ՝ այս շարժումին գերագոյն հովանաւորը եղաւ ամերիկեան իմփերիալիզմը, որուն Միջին Արեւելքի մէջ երկու օֆֆշոր ռազմախարիսխներն են՝ Իսրայէլը եւ Թուրքիան)։
Պատմական ճշմարտութեան յիշուած բոլոր փաստերուն հակառակ՝ Արեւմուտքի իմփերիալիստական, հակահայ ու խաբեբայ Տէրութիւններուն նկատմամբ ստորակայութեան բարդոյթն ու անոնցմէ կրկին ու կրկին խաբուելու՝ անչափահասներու վայել ապաւինողականութեամբ վարակուած մնացին մեծ թիւով հայ ղեկավարներ… մեծամեծ եւ անվերականգնելի կորուստներ պատճառելով ազգին ու հայրենիքին։
Անցնող վերջին մէկ դարուն, Հայու երկու՝ իրարու ներհակ կերպարներ յայտնուեցան։ Անշուշտ՝ ո՛չ «հայրենասէր»ի եւ «հայրենադաւ»ի ներհակութեամբ, այլ՝ իրենց հոգեկան կերտուածքին եւ անկարողութեան բերումով իրենց նախասիրութիւններուն ներհակութեամբ։
Մէկ կերպարը նախասիրեց՝ նոյնիսկ խաբուիլ թշնամիէն, յետոյ՝ ողբալ, եւ երգել՝ «Ափ Մը Մոխիր Հայրենի Տուն», «Մեր Հայրենիք Թշուառ Անտէր», «Հերոս մռնչեց՝ սուլթան դողդողաց, Եւրոպի աչքից՝ արտասուք սողաց», «Ուղիղ եօթ տարի ոչինչ արեցինք, Եւրոպի խօսքին՝ ականջ դրեցինք»… եւ՝ մուրա՜լ նոյնիսկ թշնամիներէն (օրինակ՝ ԱՄՆ–էն, Ցեղասպանութեան լոկ բարոյական ճանաչումը, փոխանակ՝ Ուիլսոնի Իրաւարար Վճիռին գործադրութիւնը պահանջելու…) (Տես՝ ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի ուղերձը ԱՄՆ օրէնսդիր մարմիններուն, Քոնկրէսի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումին առիթով… երբ խիստ տեղին պիտի ըլլար՝ 2020 այս թուին, որ 100-ամեակն է այդ Վճիռին ու Սեւրին)։
Միւս կերպարը նախասիրեց օտարին չապաւինիլ, թշնամին ատել գիտնալ եւ անոր դէմ պայքարիլ, մարտնչիլ եւ ի հարկին զոհուիլ… առանց գերակայութեան բարդոյթի հպարտօրէն ըսել. «Ես Հայ եմ հի՜ն, ինչպէս լեառն այս Արարատեան։ Թաց են ոտքերս դեռ՝ Ջրհեղեղի ջրից։ Իմ Սուրբ Հողն է տեսել Նոյն՝ առաջին անգամ. Բաբելոնեան Բէլը՝ խորտակուել իմ սրից…», կամ՝ «Պճնազարդուի՛ր երկիր Հայաստան, այսօր՝ քո օրն է մեծ։ Ծածանի՛ր ուրախութեան քո դրօշները բոլո՜ր։ Յաղթողի՛ փառքով դառնում են՝ հեռուներից հողմածեծ, արծիւները՝ իրենց արծուեբոյնը արեւավառ։ Ցնծա՛ քեզ անմահութիւն են բերում ռազմիկներդ գարնանաբեր քո գիրկն են դառնում նրանք՝ յաղթողի աստղը ճակատներին։ Նրանք՝ որ իրենց ուսերին տարան քո անունը անմեռ՝ Արմենիա, մեր պածա՜ռ Երեւանից՝ մինչեւ պարտուա՛ծ՝ Պեռլին…»։
Այս երկրորդ կերպարը թէեւ աւելի մեծ ու շօշափելի նուաճումներ արձանագրեց Սովետ Հայաստանի մէջ, սակայն Տարագրութեան մէջ ալ յայտնուեցան այս կերպարի հայեր՝ աւելի նուազ թիւով եւ համեստ նուաճումներով, յաջորդաբար երեք ջոկատներով, որոնց երրորդը կը շարունակէ պայքարը եւ կը խոստանայ աւելի մեծ նուաճումներ։
Այդ ջոկատներն են՝ ԱՍԱԼԱ–ն, ՏԱՀՔ–Ը ԵՒ Արեւմտեան Հայաստանի Իրաւականօրէն Շարունակուող Պետութեան Ջոկատը, որ ներկայիս, լրջօրէն կը ջանայ օգտուիլ 2020 թուի երկու դարադարձերու՝ Սեւրի եւ Ուիլսոնեան Իրաւարար Վճիռի առիթէն։
Տեսնենք՝ միւս կերպարի հայերը, ի՞նչ պատրաստած են այս դարադարձերուն առիթով…։ Հաւատա՞նք…։
ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
25 Յունուար 2020